ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար հրապարակած է Հայ Դատի Յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն գործունէութեան ամփոփագիրներ, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն կարելիութիւն  կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալ սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն  եւ առաջադրուած հարցերուն:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Նոր վարչակազմի ձեւաւորումով եւ քաղաքական հիմնարար փոփոխութիւններով` Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին եւ, ընդհանրապէս, Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառոյցի աշխատանքային աշխուժութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ: 7 Յունուարին յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Ծերակոյտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի համահեղինակ, ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտէզը` Ծերակոյտի առանցքային յանձնաժողովներէն մէկուն` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին նախագահ ընտուելուն առթիւ:

13 Յունուարին Հայ Դատի Յանձնախումբին յղուած նամակով ծերակուտական Շելտոն Ուայթհաուս, լիովին բաժնեկցած է յանձնախումբի մտահոգութիւնները`  խաղաղ հայ բնակչութեան հանդէպ յարձակումի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէն օգտագործուած թրքական անօդաչուներու կազմութեան մէջ ամերիկեան արտադրամասերու առկայութիւնը: Ծերակուտականը կարծիք  յայտնած է, որ ամերիկեան ընկերութիւնները պէտք է ձեռնպահ մնան, այնպիսի արտահանումներէն, որոնք կրնան օգտագործուիլ յանցագործութիւններու կամ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար:

19 Յունուարին Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը կոշտ քննադատութեան  ենթարկած է ԱՄՆ հեռացող վարչախումբը` Թուրքիոյ հետ փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրելուն համար, որուն համաձայն ԱՄն-ն ընդունած է Թուրքիոյ իրաւունքները իր տարածքին մէջ այլ ժողովուրդներու հսկայական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ: Հայ Դատի Յանձնախումբի քննադատութեան միացած են նաեւ ամերիկայունական ղեկավարներու խորհուրդը եւ Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը:

19 Յունուարին Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին քննարկումներ եղած են ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ` նախագահ Պայտընի կողմէն, իբրեւ պետքարտուղարի թեկնածու առաջադրուած Էնթնի Պլինքընի թեկնածութեան քննարկումի ընթացքին: Ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտէզ ուշադրութեան  հրաւիրած է Թուրքիոյ ապակառուցողական կեցուածքին մասին իրեն յարակից գրեթէ բոլոր տարածաշրջաններուն` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, Յունաստանի բացառիկ տնտեսական գօտիին եւ Կիպրոսի սոււերեն ջրային տարածքներուն մէջ: Մենենտէզ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Ղարաբաղեան վերջին պատերազմին վրայ` դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէն Ատրպէյճանի զինումը ու պատերազմական գործողութիւններ հրահրելը:

Ծերակուտականը  հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօ՞ք Պայտընի վարչակազմը Թուրքիոյ «բաց աչքերով»  կը նայի, որուն ի պատասխան Պլինքըն ըսաւ. «Մենք «բաց աչքերով» կը նայինք: Թուրքիան դաշնակից է, ինչպէս որ Դուք ըսիք, շատ առումներով չի գործեր , ինչպէս որ  պէտք է գործէ դաշնակիցը: Սա մեզի համար շատ կարեւոր մարտահրաւէր է, եւ մենք անոր շատ յստակօրէն կը  նայինք»:

Մենենտէզ նաեւ յոյս  յայտնած է, որ Սպիտակ տան վարչակազմը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` նկատելով, թէ ինչ դժուար է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպաններուն համար այցելել Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ չարտասանել ցեղասպանութիւն բառը: Ծերակուտականը նաեւ կարծիք է յայտնած է, որ Թրամփի վարչակազմը Էրտողանին «կը գուրգուրար»:

20 Յունուարին Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը, պաշտօնավարումը ստանձնելուն առթիւ շնորհաւորելով նախագահ Պայտընը, հրապարակած է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ աշխատանքի առաջնահերթութիւնները՝ 250 միլիոն ԱՄՆ տոլարի մարդասիրական օժանդակութեան փաթեթ Արցախին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութեան եւ ռազմական նշանակութեան արտադրանքի վաճառքի արգելք, Ալիեւի եւ Էրտողանի վարչակարգերուն նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառում, Ատրպէյճանի կողմէն հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման գործին մէջ ամերիկեան գործուն դերակատարութիւն, Քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւն, Արցախի անկախութեան ճանաչում, Հայաստան-Ամերիկա միջպետական յարաբերութիւններու վերաշխուացում:

Պլինքընի հետ ղարաբաղեան հիմնահարցի մասին քննարկումները կը շարունակուին նաեւ այլ` գրաւոր հարց-պատասխանի ձեւաչափով:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտէզի քառամաս հարցումին ի պատասխան` Պլինքըն «աջակցութիւն  յայտնած է Հայաստանի անվտանգութեան, ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդման ու տնտեսական աճի խթանման ուղղուած օգնութեան տրամադրումը, նկատելով, որ անոնք կ’օգնեն ամրապնդելու Հայաստանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: Պլինքըն նաեւ աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններով  վարչակազմը պիտի վերանայի ամերիկեան անվտանգային աջակցութիւնը Ատրպէյճանին` նկատելով, որ եթէ որոշ հանգամանքներ հաստատուին, Պայտըն-Հարիս վարչակազմը պիտի կասեցնէ Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907-րդ յօդուածի պահանջներու կատարումէն հրաժարման գործընթացը: Պլինքըն ընդգծած է իր յանձնառութիւնը` աշխատելու Քոնկրէսի եւ պաշտպանութեան բաժինին հետ` որոշելու տարածաշրջանին եւ Հայաստանին անվտանգութեան կարիքները բաւարարելու համար ԱՄՆ օժանդակութեան մակարդակը:

Ի պատասխան յանձնաժողովի նախագահ Մենենտէզի` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացին մէջ են ԱՄՆ-ի վերաշխուժացման եւ նաեւ Հայաստանի հետաքրքրութիւնները արտայայտող լուծման հասնելու  հարցը` Պլինքըն հաստատած է, որ ինքը ,կը խթանէ ԱՄՆ ներգրաւումը` հասնելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծման, որ կ’ապահովէ Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ կը բացառէ նոր պատերազմի բռնկումը: Ըսուածը կը ներառէ Մինսքի խումբի միջոցով մեր ներգրաւման աշխուժացումը, որուն համանախագահ է Միացեալ Նահանգները, եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք` երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխելու համար»:

Եւրոպա

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը 15 Յունուարին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ կը վերաբերէր 11 Յունուարին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ու Հայաստանի վարչապետի կողմէն ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան, որ, ըստ գրասենեակին, կ’անտեսէ հայկական կողմի կարիքները եւ կը խորացնէ անվտանգութեան անորոշութիւնը: Գրասենեակը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է եռակողմ հանդիպումի արդիւնքին մասին, որ 9 Նոյեմբեր 2020-ին հրադադարի փաստաթուղթին 8-րդ կէտին՝ հայ ռազմագերիներուն եւ պահուող անձերու վերադարձի հարցը որեւէ յառաջընթաց չգրանցեց: Գրասենեակը նաեւ ուշադրութեան կը հրաւիրէ Հայաստանի միջոցով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբու կառուցման հարցին մէջ Հայաստանի համաձայնութեան հետ` նկատելով, որ այս փուլին մէջ բազմաթիւ հարցեր  կ’առաջացնէ Հայաստանի աւելի լայն անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան:

Անցնող ամսուան ընթացքին կարեւոր նշանակութիւն ունեցան Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէն ընդունուած ԵՄ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան (CFSP) եւ ԵՄ ընդհանուր անվտանգային եւ պաշտպանական քաղաքականութեան (CSDP) տարեկան զեկոյցներուն մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող շեշտադրումները: ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ողջունած է այս երեք զեկոյցները, ուր կարեւոր հարցեր արծարծած են: Օրինակ, CFSP-ն նախատեսած է, որ խաղաղութեան հասնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին ապագայ կարգավիճակը որոշելու գործընթացը պէտք է ղեկավարուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կողմէն եւ հիմնուած ըլլայ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու վրայ:

Զեկոյցը նաեւ կ’ընդգծէ Արցախի հայ բնակչութեան եւ մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումի հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

Եւրոպական Խորհրդարանը ընդհանուր առմամբ նաեւ խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ կործանարար դերը պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներուն փոխադրումը Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանին օժանդակելը:

Այս զեկոյցներուն մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները  ապատեղեկատուութիւն  տարածած են, թէ զեկոյցներէն մէկուն մէջ օգտագործուած է «Լեռնային Ղարաբաղի տիրապետութիւն» ձեւակերպումը: Այդ եւ ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի այլ ապատեղեկատուութիւնները հերքած են  ընդունուած բանաձեւերի իրական բովանդակութիւնը եւ քաղաքական շեշտադրումները:

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակէն նաեւ տեղեկացուցած են, որ 22 Յունուարին Եւրոպական ժողովրդավար իրաւաբաններու եւ մարդու իրաւունքներով զբաղուող կազմակերպութիւններու հաստատութիւնը Պելճիքայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ կազմակերպած էր բողոքի ցոյց` ընդդէմ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներուն վիճակին: Անոնք նաեւ դատապարտած են Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումը եւ երկրի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են հաւատարիմ մնալու մարդու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքին: Համաձայն մարդու իրաւունքներու վիճակին, Ատրպէյճան այս տարի յայտնուած է այդ հաստատութեան գործունէութեան դիտանկիւնէն:

Մեծ Բրիտանիա

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբի ջանքերով 18 Յունուարին Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին քննարկում կատարուեցաւ Լորտերու պալատին մէջ: Հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին մասին կառավարութեան հարցում  կատարած է պարոնուհի, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ Քերոլայն Քօքսը: Քննարկուած են Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան կանչելու մասին ՄԹ ընելիքները եւ մարդասիրական  կազմակերպութիւններուն` Արցախ մուտքի  հարցը, ինչպիսին են՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային կազմակերպութիւնը,  խուսափելու համար  ցեղային զտումներէ: Բազմաթիւ խորհրդարանականներ դէմ արտայայտած են ցեղասպանական գործողութիւններուն, մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը, պատերազմական յանցագործութիւնները, ռազմագերիներու պահպանումը եւ առնչակից այլ հանգամանքները:

Պաքուի հայկական ջարդերու 30-ամեակին առիթով յանձնախումբը տարածած է յատուկ հաղորդագրութիւն` ուշադրութեան հրաւիրելով, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր հիմնական նպատակը` Արցախի բնակչութեան ցեղասպանութեան ենթարկելու ուղղութեամբ քաղաքականութիւնը:

Յունաստան

Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբը 7 Յունուարին յայտնեց` ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական կազմակերպութեան հետ միատեղ Հայաստան ուղարկուող երկրորդ մարդասիրական օժանդակութեան մասին: Օժանդակութիւնը գոյացած էր տարբեր բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, իսկ փոխադրումին օժանդակած էր Յունաստանի պետութիւնը:

Կիպրոս

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ 13 Յունուարին Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համանախագահ Լուքաս Ֆուրլաս Եւրոպական յանձնաժողովին  ներկայացուցած է Շուշիի Սբ. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումի փաստը` կոչ ուղղելով ձեռնարկել համապատասխան միջոցներ` պաշտպանելու քաղաքացիական անձերն ու պաշտամունքային կեդրոնները:

Կիպրական Բաֆոս քաղաքին մէջ տակաւին առկայ էր փողոց մը, որ անուանակոչուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Թալէաթ փաշայի անունով: Յանձնախումբի ջանքերով եւ Բաֆոսի քաղաքային խորհուրդին հասցէագրուած նամակով փողոցը վերանուանուեցաւ Տիքէոսինիսի (արդարութեան) փողոց:

Նկատի առնելով, որ Լառնագայ քաղաքի փողոցներէն մէկը կրած է BOZ KURT (գորշ գայլեր) անուանումը, դիմեց Լառնագայի քաղաքապետարան, յայտնելով յանձնախումբի վրդովմունքը: Փոխքաղաքապետին հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ներկայացուած են փողոցի անուանափոխութեան համար հիմք հանդիսացող պատճառները: Փոխքաղաքապետը խոստացած է, որ հարցը պիտի քննարկուի  քաղաքի աւագանիին կողմէն: Հայ Դատի Յանձնախումբը ուշադրութեամբ կը հետեւի գործընթացին:

28 Յունուարին Հայ Դատի Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց քննարկում, որուն, որպէս բանախօսներ, մասնակցած էին ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրո Մանոյեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւ Վիեննայի Հայ Առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Անդրէաս Քահանայ Իսախանեան: Քննարկումին մասնակցած էին Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ գործող համայնքային կառոյցներու միութիւններէն մօտաւորապէս  55 ներկայացուցիչներ:

Քննարկուեցան Հայաստանի  եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներքին եւ արտաքին զարգացումները, յատկապէս, պատերազմի հետեւանքներն ու սահմանագիծի գործընթացը, ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն օրէցօր ահագնացող վտանգները եւ անոնք դիմագրաւելու համար հայութեան կողմէն ձեռնարկուելիք քայլերը:

Քանատա

Հայ Դատի Քանատայի, Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերու կազմակերպումով 16 Յունուարին տեղի ունեցաւ «Պատերազմական Յանցագործութիւններ, Մշակութային Ցեղասպանութիւն եւ Կրօնական Ազատութիւններ» խորագիրով հանրային առցանց քննարկում: Քննարկումին բանախօսներն էին Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու նախկին պաշտպան, ներկայիս ԱՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Պեգլարեան, Թաֆթսի համալսարանի Ֆլետչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի դոկտոր Էլլիզապէթ Պրոտօրմոն, Քոլորատոյի համալսարանէն Սիմոն Մաղաքեան եւ Քարտուսի համալսարանէն Հայր Անտրիւ Պեննեթը:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը  երկու ամիս առաջ հանրային խնդրագիր (petition)  հրապարակած էր, ուր աւստրալիական խորհրդարանին եւ կառավարութեանը կոչ ուղղած էր ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: 13 Յունուարի դրութեամբ, երբ խնդրագիրի լրացման վերջնաժամկէտը սպառուեցաւ, անոնց միացած անձերու թիւը 3164 էր: Խնդրագիրը տեղադրուած էր Աւստրալիոյ Խորհրդարանի պաշտօնական էջին:

Յանձնախումբէն նաեւ յայտնած են, որ Աւստրալիոյ Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստան-Աւստրալիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ճոնաթան Օդին խստիւ քննադատած է Ատրպէյճանի մէջ տիրող ատելութիւնը հայ բնակչութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, որ դրսեւորուած է յատկապէս Արցախի մէջ: Խորհրդրարանականը, իբրեւ հակամարտութեան լուծման բանաձեւ, վերահաստատած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կողմէն ներկայացուած կարգաւորման երեք հիմնարար սկզբունքները:

Մերձաւոր Արեւելք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 25 Յունուարին Լիբանանի Սաուտեան Արապիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիին յղուած նամակով ողջունեց ՄԱԿ-ի Գլխաւոր միութեան կողմէն «կրօնական վայրերը պաշտպանելու համար խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթի խթանում» խորագիրով բանաձեւի ընդունումը: Բանաձեւը ներկայացուած էր Սաուտեան Արապիոյ կողմէն: Դատապարտած է կրօնական վայրերու եւ խորհրդանիշներու նկատմամբ բռնութիւնները, սպառնալիքները, այդ վայրերու քանդումը, անոնց վնասելը կամ վտանգելը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը յիշեցուց, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներուն  դիտաւորեալ վնասներ հասած են, որոնք կը յիշեցնեն 2005-2006 թթ. ատրպէյճանական բանակի կողմէն Հին Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերու քանդումը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ

01.02.2021 թ.