Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն 1 Փետրուարին յայտարարութիւն տարածած է Աննա Յակոբեանին Ամերիկա այցելութեան առիթով.

«Մամուլէն իմացանք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան, 1 Փետրուարին հասած է Լոս Անճըլըս:

Տիկ. Յակոբեանը կը ներկայացնէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձախողակ դիւանագիտութիւնը, թշնամիին նկատմամբ երկչոտ վերաբերմունքը, ընդդիմադիրներու դէմ անոր գործադրած բռնարարքները, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան հանդէպ բաժանարար եւ սպառնալից մօտեցումները, մեր անհետ կորսուած եւ գերեվարուած զինուորները վերադարձնելու` անոր անկարողութիւնը, յետպատերազմեան մարդասիրական ճգնաժամի նկատմամբ անոր ապաշնորհ կեցուածքը, անոր սուտերը պատերազմէն առաջ,  ընթացքին ու վերջը, անոր դաւադրամտութիւնը` գաղտնաբար ստորագրելով մեր հողերը յանձնելու յայտարարութեան տակ, պատերազմը ղեկավարելու` անոր քանդիչ մեթոտաբանութիւնը, որ յանգեցուց հազարաւոր զինուորներու նահատակութեան, եւ, փաստօրէն, ատրպէյճանական օրակարգը պաշտպանելն ու յառաջ մղելը:

Մենք յստակ պատգամ ուինք տիկ. Յակոբեանին, որ մեր համայնքը  այցելած է առանց նախապէս յայտարարելու եւ մեզի անծանօթ պատճառներով:

Ձեր ներկայութիւնը ողջունելի չէ այստեղ, տիկի՛ն Յակոբեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ»