Չորեքշաբթի, 3 Փետրուար 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային պաշարներու նախարար Ալի Ղանէմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Սուրիոյ քարիւղի հատուածին իրավիճակը, յայտնելով որ նախարարութիւնը ծրագիր ունի այս տարի 95. 000 տակառ քարիւղ եւ 19,5 միլիոն մեթր խորանարդ կազ արտադրել օրական դրութեամբ։ Ղանէմ աւելցուցած է. «Մենք վստահ ենք, որ սուրիական բանակը հիւսիսային բաժինի քարիւղի դաշտերը ամբողջովին պիտի ազատագրէ, եւ նախարարութեան ծրագիրը պիտի իրականանայ»։ Քարիւղի հատուածին կրած վնասներուն մասին նախարարը հետեւեալը ըսած է. «Քարիւղի հատուածի կրած վնասները հասան 91,5 միլիառ տոլարի։ 19,3 միլիառ տոլար սարքաւորումներու վնասներ, իսկ 3 միլիառ տոլար՝ ԱՄՆ-ի պատերազմական օդանաւերուն իրարայաջորդ հրթիռակոծումներուն պատճառով արձանագրուած վնասներ»։