«Արմէնփրէս».- Տարածաշրջանի մէջ երթեւեկային  հաղորդակցութեան ապաշրջափակումի հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի, Շահին Մուսթաֆաեւի եւ Ալեքսէյ Ովըրչուքի երկրորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Փետրուարին:

«Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը կը կայանայ Փետրուարի ընթացքին», յայտնեցին մամուլի ծառայութենէն:

Փոխվարչապետներու որոշումով, երկու փորձագիտական ենթախումբեր  ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն ներառուած են Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան, Արաքին Գործոց Ծառայութեան, Տնտեսութեան Նախարարութեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ պետեկամուտներու կոմիտէի  ներկայացուցիչները:

Փոխվարչապետներուն առաջին նիստը տեղի ունեցած էր 30 Յունուարին Մոսկուայի մէջ: