«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահականի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալաւանին հետ:

Նշենք, որ Քալընի եւ Սալաւանի զրոյցը Ճօ Պայտընի նախագահ ընտրուելէն  վերջ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բարձր մակարդակի առաջին շփումն է:

Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի, Կիպրոսի, Աֆղանիստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն շուրջ:

Անոնք կ’ակնկալեն, որ երկու դաշնակից երկիրները այս նոր փուլով ամուր, կայուն եւ կառուցողական յարաբերութիւնններու բնորդ կը հաստատեն:

Զրոյցի ընթացքին համաձայնած են ձեռնարկել այնպիսի քայլերւ որոնք կը նպաստեն ՆԱԹՕ-ի ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման: