Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը գրեթէ երեք տարի զբաղեցնելէ եւ, ամէնէն կարեւորը, Արցախեան պատերազմին պատճառով երկրին արձանագրած աղէտալի պարտութեան ընթացքին կառավարութեան գլուխը մնալէ ետք, կը շարունակէ մէկը միւսին ետեւէն սխալներ եւ ապակողմնորոշիչ  յայտարարութիւններ ընել։
Այնպէս, ինչպէս աւելի կանուխ գրած էի, Փաշինեան, ցաւօք, չի կրնար ղեկավարել Հայաստանը: Ան աւելի բողոքող եւ քննադատող է, քան կառավարութիւն ղեկավարելու համար անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ  փորձառութիւն ունեցող անձ: Արցախեան պատերազմն ալ աւելի վատթարացուց իրավիճակը երկրին մէջ եւ բացայայտեց Փաշինեանի անկարողութիւնը՝ յաղթահարելու Հայաստանի բազում հարցերը:
Ամբողջ աշխարհի հայերը մեծ յոյսեր ունէին, որ ազատելով նախորդ վարչակարգէն, Փաշինեան կը յաջողի Հայաստանը առաջնորդել դէպի բարեկեցութիւն եւ, որոշ չափով, դէպի բնականոն կեանք: Հայերու ճնշող մեծամասնութիւնը կը սատարէր անոր՝ նախկին կառավարութեան հանդէպ ունեցած հակակրանքին պատճառով:
Դժբախտաբար, պարզուեցաւ, որ Փաշինեան միայն կը խօսի, բայց ոչինչ կ՚ընէ։ Աւելին, փորձառութեան բացակայութենէն զատ, ան ինքզինք շրջապատած էր այնպիսի խորհրդականներով եւ նախարարներով, որոնք նոյնիսկ իրմէ աւելի անփորձ էին: Հետեւանքը եղաւ այն, որ ոչ ինք եւ ոչ ալ իր կառավարութիւնը յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնը ունին: Արցախեան պատերազմը աւելի սրեց իրավիճակը: Ըլլալով գլխաւոր գերագոյն հրամանատար, ան սխալը սխալի ետեւէն թոյլ տուաւ՝ Հայաստանն ու Արցախը տանելով դէպի աննկարագրելի աղէտ, զոր մենք չենք կրնար յաղթահարել տասնամեակներով, եթէ ոչ՝ ընդհանրապէս։ Փաշինեան ներկայիս կը պնդէ, որ ինք պէտք է մնայ իշխանութեան ղեկին վրայ՝ երկրին առջեւ ծառացած լուրջ հիմնահարցերը լուծելու համար։ Չափազանցուած միամտութիւն կ՚ըլլայ այսպիսի խոստումի մը հաւատալը: Այն առաջնորդը, որ ի վիճակի չէ ղեկավարելու խաղաղ ժամանակ եւ լիակատար ձախողութիւն ունեցած է պատերազմի մէջ, ի զօրու չէ բան մը շտկելու։ Փաշինեան իրավիճակը աւելի վատթարացուց իր խեղաթիւրումներով եւ վարած սխալ քաղաքականութեամբ:
Քանի մը շաբաթ առաջ, խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալու պահուն, Փաշինեան զայրացուց բազմաթիւ հայեր՝ որպէս «դժբախտ ու տժգոյն» նկարագրելով պատմական հայկական Շուշի քաղաքը։ Որեւէ պատճառ չունէր նման բացասական ածականներ օգտագործելու՝ համայն հայութեան հպարտութիւնը հանդիսացող քաղաքը նկարագրելու համար:
Վերջերս, խորհրդարանի մէջ ուրիշ ելոյթի մը ընթացքին, ի պատասխան Շուշիի մասին պատգամաւորի մը մէկ հարցումին, Փաշինեան աւելի սրեց իրավիճակը, երբ ըսաւ. «Շուշին պատերազմէն եւ ազատագրումէն առաջ ունեցած է 90 եւ աւելի տոկոս ատրպէյճանական բնակչութիւն, այսինքն՝ դուք կ՚ուզէք ըսել, որ 90 եւ աւելի տոկոս ատրպէյճանցի բնակչութիւն ունեցող Շուշի քաղաքը հայկակա՞ն է իր այդ կարգավիճակով»:
Փաշինեանի ձախող խօսքերէն ետք մեծ աղմուկ բարձրացաւ ամբողջ աշխարհի հայութեան շրջանակներէն ներս: Ասիկա եւս  ինքզինք  վնասող   դէպք   մըն   էր:  Քանի  մը  օր անց, երբ Փաշինեան այցելեց Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, եւ երբ լրագրողը հարց ուղղեց անոր՝ խորհրդարանին մէջ Շուշիի մասին իր յայտարարութեան կապուած, ըսաւ, որ կը պատասխանէ, եթէ լրագրողը գրաւոր ներկայացնէ իր հարցումը: Յաջորդ օրը լրագրողը Փաշինեանի խօսքերը գրեց մեծ պաստառի մը վրայ եւ բարձրաձայն կարդաց զայն՝ վարչապետի շէնքին դիմաց կանգնած: Թէեւ Փաշինեանի կողմնակիցներէն մէկը յարձակեցաւ լրագրողին վրայ եւ պատռեց անոր պաստառը, վարչապետը, սակայն, պահեց իր խօսքը եւ իր Դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ սփռուող տեսանիւթով մը անդրադարձաւ այս խայտառակ կացութեան:
Իր պատասխանին մէջ Փաշինեան նախ մեղադրեց լրատուական միջոցները՝ իր խօսքերը խեղաթիւրելու յանցանքով։ Կրկնեց, որ 1990-ականներու սկիզբը ատրպէյճանցիները կը կազմէին Շուշիի բնակչութեան 90 տոկոսէն աւելին կամ աւելի ճիշդ՝ 96 տոկոսը: Եւ շարունակեց. «Ինչպէ՞ս կարելի էր Շուշին համարել հայկական վերահսկողութեան տակ իր այդ կարգավիճակով, երբ քաղաքի բնակչութեան 96 տոկոսը ատրպէյճանցի էր»: Այնուհետեւ Փաշինեան ներկայացուց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն առաջարկը՝ կատարուած 19 Հոկտեմբեր 2020-ին՝ պատերազմի աւարտէն քանի մը շաբաթ առաջ, ընդունիլ զինադադարի մասին Հայաստանի խնդրանքը՝ պայմանով, որ հայերը թոյլ տան նախկին ատրպէյճանցի բնակիչներուն վերադառնալ Շուշի՝ հայկական իշխանութեան տիրապետութեան տակ:
Փաշինեան քանի մը սխալ գործեց իր նախկին յայտարարութեան եւ իրավիճակը շտկելու նպատակով աւելի ուշ կատարած իր անյաջող փորձին մէջ։ Իրականութեան մէջ, ան ոչ մէկ պատճառ ունէր նման խառնաշփոթ վիճակ մը ստեղծելու եւ կեղծ փաստարկներ բերելու: Ան պարզապէս պիտի ըսէր, որ մերժած է Ալիեւին առաջարկը, քանի որ ատրպէյճանցիներու՝ հայկական հսկողութեան տակ գտնուող Շուշի քաղաքը վերադառնալու թոյլտուութիւնը անընդունելի էր իրեն եւ հայերու մեծ մասին համար: Փաստօրէն, ասիկա նոյնն է, ինչ որ Փաշինեան ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, երբ վերջինս իրեն փոխանցած  էր  Ալիեւի առաջարկը: Եթէ Փաշինեան սահմանափակուէր այս փաստով, ապա հայկական աշխարհի մէջ բողոքի ալիք չէր բարձրանար: Պատճառ չկար ըսելու, որ  մինչեւ 1992 Շուշին հիմնականին մէջ բնակեցուած էր ատրպէյճանցիներով՝ նմանօրինակ վէճ յառաջացնելով այն պահուն, երբ իր իշխանութիւնը  արդէն  կը թուլնար, իսկ ինք քննադատութեան կ՚ենթարկուէր բազմաթիւ հայերու, որոնց շարքին՝ նաեւ իր նախկին աջակիցներուն կողմէ:
Մատնանշելով՝ Շուշիի մէջ անցեալին բնակող ատրպէյճանցիներու մեծ տոկոսը, Փաշինեան քանի մը սխալ գործեց.
Նախ եւ առաջ, անկախ Շուշիի մէջ բնակող ատրպէյճանցիներու քանակէն, յայտնի փաստ է, որ անիկա դարեր շարունակ եղած է հայկական քաղաք՝ Ատրպէյճանի գոյութենէն տակաւին շատ առաջ: 1920-ին, այն բանէն ետք, երբ ատրպէյճանցիները Շուշիի մէջ կոտորեցին հազարաւոր հայեր եւ քաղաքը հայաթափելու քաղաքականութիւն վարեցին, հայ բնակչութեան թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ։ Սակայն իր ապակողմնորոշիչ յայտարարութեան մէջ Փաշինեան այսպիսի բացատրութիւն չներկայացուց։
Երկրորդ, Փաշինեան սխալ էր՝ գնահատելով որեւէ տարածքի հայկական ըլլալը՝ մեկնելով  յստակ ժամանակահատուածի մը մէջ անոր բնակչութեան քանակէն։ Օրինակ, Նախիջեւանի կամ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս գրեթէ հայ չկայ, սակայն հայերը մինչեւ այսօր այդ տարածքները կը համարեն պատմական Հայաստանի մաս:
Երրորդ,  թէեւ հասկնալի է, որ Ալիեւի առաջարկը՝ թոյլ տալ ատրպէյճանցի նախկին բնակիչներուն վերադառնալ Շուշի, որ կը գտնուի հայերու վերահսկողութեան տակ, դժուար ընդունելի էր Փաշինեանի եւ հայերու մեծամասնութեան համար, կայ կարեւոր հարցում մը, որ պէտք է  նկատի առնուէր. քանի՞ ատրպէյճանցի պիտի վերադառնար Շուշի՝ հայկական իշխանութեան տակ ապրելու համար: Շատ քիչ, եթէ ոչ զերօ։ Փաշինեանի ենթադրութիւնը այն մասին, որ հազարաւոր ատրպէյճանցիներ կը վերադառնային Շուշի՝ քաղաքի ատրպէյճանական բնակչութիւնը դարձեալ բարձրացնելով 96 տոկոսի, անիրատեսական էր: Ոչ մէկ ատրպէյճանցի կը փափաքի ապրիլ Շուշիի մէջ հայկական իշխանութեան ներքեւ, ինչպէս որ ոչ մէկ հայ կը վտանգէ իր կեանքը՝ ապրելով Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներու մէջ:
Ի վերջոյ, 19 Հոկտեմբեր 2020-ին Փաշինեանի հրաժարումը Ալիեւի առաջարկը ընդունելէն, կը նշանակէր, որ պատերազմը կ՚երկարաձգուէր մինչեւ 9 Նոյեմբեր՝ յանգեցնելով թիւով աւելի շատ հայկական տարածքներու կորուստի, յօգուտ Ատրպէյճանի: Աւելին, ատրպէյճանցիները ամբողջութեամբ գրաւեցին Շուշին, եւ շատ աւելի հայ երիտասարդ զինուորներ զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան: Պատերազմի ընթացքին Փաշինեանի տուած սխալ որոշումներուն հետեւանքները շատ աւելի աղէտալի էին, քան խորհրդարանին մէջ կատարած իր սխալ յայտարարութիւնը եւ ինքն իրեն շտկելու հետագայ անյաջող ջանքերը։
Վարչապետը պէտք է գիտակցի, որ որքան երկար կառչած մնայ իշխանութեան, այնքան աւելի կ՚ապակայունացնէ երկիրը: Պարտուած ու անկարող ղեկավարը չի կրնար բարելաւել երկրին մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը: Որքան շուտ ան հեռանայ, այնքան աւելի արագ նոր կառավարութիւնը կրնայ ստանձնել իշխանութիւնը եւ կը փորձէ մեղմել Հայաստանի ու Արցախի կրած վնասները:
Յարութ Սասունեան