ՇՓՈԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻ՛ ՄԱՏՆԷՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Բազում են մեր ժողովուրդին համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը խոցող ազդակները, անոնցմէ ամենադաժանը, սակայն, ժողովուրդը շփոթութեան մատնող անպատասխանատու կեցուածքներն ու արտայայտութիւններն են, որոնք իրենց բաժին ինկած աւերը գործելէ ետք աստիճանաբար կը վերանան հայկական մեր կեանքէն, եթէ ոչ անպայման ժողովուրդի պոռթկումին, առնուազն  ազգային մեր էութիւնն ու ձգտումները մշուշապատող իրենց անհեթեթութեան հետեւանքով։
Իրաւամբ, անկախութիւն կերտած ժողովուրդ մը տարուէ տարի նուիրուելու է հայրենիքի հզօրացման սրբազան գործին, որուն շնորհիւ աստիճանաբար կ՛ամրանայ երկրին աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ անկախութեան արժանի դարձած, զայն կերտած ժողովուրդը իր ամուր պետութեամբ կը սկսի իր օրէնքները սահմանել ու պարտադրել իր դրացիներուն, բարի յարաբերութիւններ պահելով մէկտեղ անոնց հետ։
Եթէ հայրենակերտման այս գործընթացը քայքայուի մեր վերը յիշած շփոթութեան սրսկումով ժողովուրդին մէջ, բնականաբար ընթացք կ՛առնէ կորուստներու ճամբան։
Հարիւր տարիէ ի վեր մեր ազգը բաժնուած է ճակատներու։ Այդ ճակատներուն առողջ մրցակցութիւնը բնական է ու ցանկալի, բայց երբ այդ ճակատները բեւեռներու վերածելու արտաքին ազդեցութիւններ թոյն կը սրսկեն մեր ժողովուրդին մէջ, ճակատները կը վերածուին ճակատումի գացող բեւեռներու, մինչեւ որ քայքայուին ու կոսնցնեն ազգայինին ու պետականին համար մղուած իրենց պայքարին խորքն ու իմաստը։
Սա մեր ներքին հարցը չէ միայն, արտաքին ուժերու մէջ ալ պէտք է որոնել անոր արմատները։
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կ՛անուանուի կեղծ քաթեկորիա, նոյնիսկ մեր ազգային տօներն ու խորհրդանիշները կը վերագրուին այս կամ այն կողմին, տակաւին Արցախը բեռ կը համարուի Հայաստանին համար ու ժողովուրդը կրկին շփոթութեան մատնելու քաղաքականութիւն մը ընթացք կ՛առնէ՝ արդարացնելու հայրենիքի պատառ առ պատառ կորուստը։
Ոչ միայն մեր արտաքին թշնամիները, այլեւ մեր նեղմտութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը յաջողած են մեզ պառակտել ու վերածել հակառակորդներու։
Խօսիլ Մայիս 28-ի մասին ձեզ ինքնաբերաբար կը դասէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքին, յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրական մեր պայքարը՝ ծայրայեղ ազգայնամոլներու շարքին։ Համահայկական շահերու ոսպնեակը կորսուած կը թուի ըլլալ։
Փոխադարձ ատելութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ իշխանութեան ներկայացուցիչը թշնամի երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ առցանց հարցազրոյցի մը ընթացքին կը ժպրհի արհամարհել իր ժողովուրդն ու անոր ազգային իղձերը։ Աւելին? ան հաստատելով որ Հայաստան ժողովրդավար երկիր է, ինք իսկ չի հաւատար իր ըսածին ու իր խօսքը ուղղելով հակառակորդներուն կ՛ըսէ՝ այո՛, Հայաստան ժողովրդավար երկիր է, բայց մեզի դէմ խօսողները մենք կը համարենք ռեւանշիստներ։ Դուք միայն մեզի մտիկ ըրէք, ճիշդ է մեզ ընտրողը ժողովուրդն է, սակայն, դուք ականջ մի՛ տաք ժողովուրդին ձայնին, ձեզի կ՛ըսենք յստակօրէն, մեր բանբերները ազգային ժողովը, վարչապետն ու իշխանութեան ներկայացուցիչներն են միայն։
Ինչպիսի՞ ժողովրդավարութիւն է սա, անհասկանալի կը մնայ,  իսկ թշնամիին Արցախի  մշակութային մեր գանձերու քանդումը, մարդասպանական արարքները դատապարտող ոչ մէկ արտայայտութիւն կը լսենք մեր երկրի իշխանութիւնը ներկայացնող նոյն այդ անձէն։ Այստեղ կանգ կ՛առնէ անոր համարձակութիւնը։
Միթէ՞ ազերիներու հայատեաց արտայայտութիւններն ու արարքները զսպելու միակ ձեւը մեր ազգային հպարտութիւնը զիջիլն է։ Չե՞նք տեսներ միթէ, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կը պարտադրէ իր ժողովուրդը հպարտանալու իր պատկանելիութեամբ, երբ ամէն օր, ամէն աշակերտ իր դպրոցական առօրեան կը սկսի ՛՛թուրք եմ, ուրախ եմ՛՛ արտայայտութեամբ։
Ազգային իրաւունքներու պաշտպանութի՞ւնն է ռեւանշիզմը։
Ստրկամտութիւնը երբեք ծնունդ չէ տուած յառաջընթացի, ընդհակառակը, սրած է ու պիտի սրէ հակառակորդին ախորժակները՝ նոր զիջումներու առաջնորդելու պետական մեր այրերը։
Վերջ տալով ժողովուրդը շփոթութեան մատնելու, անոր ազգային հպարտութիւնը, պայքարն ու արդար զայրոյթը նսեմացնելու փորձերուն, ներքին համերաշխութեան մթնոլորտի ստեղծումով ու ամէն մակարդակներու վրայ միասնական անդուլ աշխատանքով միայն կարելի է ամրագել մեր հայրենիքի սահմաններն ու տիրութիւն ընել անոր։ Այլապէս ժողովուրդին յուսահատութիւնը այնքան պիտի խորանայ, որ անկախութիւնը բեռ եւ ոչ թէ նուաճում համարելով, ինք եւս նահանջի ճամբան պիտի բռնէ։
Այդ համերաշխութեան մթնոլորտը կրնան ստեղծել մեր մտաւորականները, իրենց ձայնը լսելի դարձնելով ճակատագրական այս օրերուն։