«Գանձասար» կը սկսի «Հալէպէն Ձայն Մը» վերտառութեամբ հարցազրոյցներու շարք մը հալէպահայ մտաւորականներու հետ: Շարքին առաջին զրոյցը կը սկսինք գրող, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Լեւոն Շառոյեանի հետ՝ դեգերելով գիրքերու աշխարհին մէջ:
«Գանձասար»- Պարո՛ն Լեւոն, գիտենք, որ ձեր պատանի տարիքէն  ընթերցասէր եղած էք: Ընթերցումի ձեր փափաքին մղում տուողը ի՞նչ էր: Կը յիշէ՞ք ձեր կարդացած առաջին գիրքը:
Լեւոն Շառոյեան- Կը խորհիմ թէ քիչ մը դժուար, բայց միեւնոյն ատեն յուզիչ ճիգ մը պիտի ըլլայ մտքով ետ երթալ դէպի աւելի քան 40 կամ 45 տարիներ ու փորփրել սահող ժամանակի մշուշին ետին մնացած էջեր, գիտնալու համար թէ ո՞րն էր այն առաջին գիրքը, զոր ես կարդացած էի:  Սակայն կ՚արժէ՛ կատարել այդպիսի փորձ մը:
Հայերէնի նկատմամբ իմ ունեցած սէրը իմ մէջ արթնցած է, կը խորհիմ, մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանին: Հայերէն այբուբենի տառերը, անոնց  ձայներն ու հնչիւնները, մինչեւ իսկ անոնց արտաքին կերպարանքը՝ զիս շատ տպաւորած են մանկապարտէզի տարիներէն սկսեալ: Սա պահուն կը յիշեմ, Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանին մէջ ունէինք բոլորին կողմէ սիրուած սքանչելի ուսուցչուհի մը՝ օրդ. Գոհարիկ Համալեանը: Օրդ. Համալեան երբ կաւիճը ձեռքը կ՚առնէր ու գրատախտակին վրայ հայերէն բառեր կամ նախադասութիւններ կ՚արձանագրէր, ես շատ հմայուած կը հետեւէի այդ  բառերուն: Մեսրոպեան տառերուն արտաքին պատկերները զիս կը կախարդէին, կը դիւթէին…: Ուրեմն, անբացատրելի սէր մը ծիլ տալ կը սկսէր իմ մէջ՝ մեր ոսկեղնիկին նկատմամբ: Թերեւս անգիտակից սէր մըն էր ատիկա, բնազդական թեքում մը. այնուհանդերձ՝ կա՛յծ մըն էր երեւի, որ հետզհետէ պիտի հրդեհէր իմ ամբողջ էութիւնը…:  Աւելի ուշ, երբ անցայ նախակրթարանի գրասեղաններուն ետին, այդ սէրն ու պաշտամունքը հետզհետէ աճեցաւ, այբուբենն ու հայոց լեզուն տակաւ նոյնացան իմ անձին հետ: Մէկզմէկու հետ հաւատարմութեան դաշինք կնքեցինք կարծես: Փա՜ռք Աստուծոյ, այդ դաշինքը անխախտ է առ այսօր: Ասիկա արեան ու ինքնութեան դաշինք մըն է:
Ի դէպ, կրնամ նշել, որ Դ., Ե. կամ Զ. կարգերու մէջ հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ շատ սիրուած ու գնահատուած աշակերտ մըն էի: Հաւանաբար անո՛նք եւս նկատեր էին, թէ սիրահարուած էի մեր լեզուին, արտասովոր հետաքրքրութիւն մը կը ցուցաբերէի բոլոր այն իրերուն նկատմամբ՝ որոնք հայերէնին կ՚առնչուէին:
Որքան որ կը յիշեմ՝ առաջին հայերէն գիրքը կարդացած ըլլալու եմ նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտ եղած շրջանիս: Բարեկամուհի տիկին մը մեր բնակարանը այցելելով՝ «Ծաղիկին Պէս Հմայիչ» վերնագիրով գիրք մը նուիրած էր ինծի: Այս գիրքը տպուած էր Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզիի տպարանը: Հեղինակն ալ Մխիթարեան Ուխտէն Հ. Աւետիք Թալաթինեանն էր: Գիրքին մէջ, շատ դիւրասահ ու սրտախօսիկ ոճով, վարդապետը ներկայացուցած էր կենցաղավարութեան եւ քաղաքավարութեան զանազան օրէնքներ, որոնք պատանի ընթերցողը կրնային կոփել՝ իբրեւ կրթեալ ու դաստիարակեալ էակ մը: Սիրած էի այդ գիրքը, խորապէս տպաւորուեր էի հեղինակին պատմելու կամ զրուցելու ոճէն:
Անկէ ետք, հետզհետէ ուղուեցայ դէպի գիրքերու կախարդական աշխարհին տարբեր ոլորտները: Ե. կարգի աշակերտ էի, երբ մայրիկս Սիմոն Սիմոնեանի հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքը, միացեալ հաստափոր լաթակազմ հատորի մը ձեւով,  որպէս կաղանդի նուէր՝ դարձուց իմ սեփականութիւնը: Այդ գիրքը, երկա՜ր տարիներ, բարձի գիրք եղաւ ինծի համար: Գիրքին իւրաքանչիւր պատմութիւնը, մէն մի դրուագը 2-3 անգամ անյագուրդ հաճոյքով եւ անձանձրոյթ կը կարդայի, յաջորդ տարի դա՛րձեալ ընթերցելու պայմանով…: Կը դիտէի նաեւ այն սքանչելի նկարները, որոնք կը զարդարէին հատորը, եւ որոնք իմ երեւակայութեան մէջ կը դրոշմէին պատկերները Հայկ Նահապետին, Արամ Նահապետին, Վահագնին, Պարոյր արքային, Արտաշէս Աշխարհակալին, Մեծն Տիգրանին, Արշակ թագաւորին կամ Մուշեղ Մամիկոնեանին: Եւ այդպէս, հայրենասիրական տաք ու վարակիչ շունչ մը, գիրքին էջերէն, կը փոխանցուէր ինծի: Աւելի ուշ, երբ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի ուսանող դարձայ, ընթերցանութեան հետաքրքրութիւններս հուն փոխեցին: Սկսայ շահագրգռուիլ յեղափոխաշունչ գրականութեամբ: Մի՛ մոռնաք. պատանեկան տարիքի մէջ էի, ու ինչ որ հերոսական կամ դիւցազնական էր՝ կը խրովէր զիս: Ուստի, սկսայ կարդալ Րաֆֆիի վէպերը, յաջորդաբար, առանց ընկրկումի: Կարդացի Խաչիկ Դաշտենցի «Խոդեդան» վէպը: Թ. կարգի պրովէի քննութեան տարին, կը յիշեմ, անմոռանալի յափշտակութեամբ կարդացի Մալխասի «Զարթօնք» վիպաշարքի 4 հատորները…: Այդ տարիներուն, փորձած եմ կարդալ նաեւ Ռուբէնի յուշերը, Կոմսի յուշերը եւ այլն: Եւ այսպէս, յեղափոխական գրականութեամբ տոգորուն տարիներ եղած են իմ պատանեկութեան տարիները: Շատ աւելի վերջ, ԺԱ. կամ ԺԲ. կարգերու մէջ, դա՛րձեալ հուն պիտի փոխէին գրական հետաքրքրութիւններս, որոնք այս անգամ զիս պիտի մղէին դէպի պատմագիտական, պատմաբանասիրական գործեր, ինչպէս՝ Յ.Ճ. Սիրունիի «Պոլիս եւ Իր Դերը», Բիւզանդ Եղիայեանի «Պատմութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան», «Հայ Յարանուանութեանց Բաժանումը» եւ նմանօրինակ ազգային-եկեղեցական բնոյթ կրող գիրքեր, որոնք հետագային մեծապէս օգտակար պիտի ըլլային ինծի՝ երբ հրաւիրուեցայ մաս կազմել Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօսական մարմինին: Այնտեղ, երբ հարկն ստեղծուեցաւ պատրաստելու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասագիրք մը, բնա՜ւ դժուարութիւն չունեցայ: Տարիներու վրայ երկարող ընթերցանութեան կուտակումները՝ ճամբան հարթեցին ամենայն դիւրութեամբ: Պատրաստեցի կոկիկ ու խտացեալ դասագիրք մը, որ մինչեւ օրս կը դասաւանդուի հիմնարկին մէջ:
«Գ.»- Ինչպէ՞ս սկսաք գրելու ձեր առաջին փորձերը:
Լ.Շ.- Գրելու փորձերս կը սկսին Ճեմարանի աշակերտական պարբերաթերթ «Ծիլեր»ով: Առաջին շարադրութիւնս հոն տպուած էր՝ երբ 7-րդ դասարանցի էի: Կը յիշեմ, որ շարադրութեան մրցում մը կազմակերպած էին դասարաններու միջեւ: Նիւթը՝ «Կաղանդի Նուէր»: Ես ալ պատմեցի, թէ որքա՜ն ուրախացեր էի՝ իբրեւ Կաղանդի նուէր ստանալով հայոց պատմութեան հաստափոր հատորը, որուն ակնարկեցի քիչ առաջ: Շարադրութիւնները սրբագրող մեր ուսուցիչները կ՚երեւի հաւներ էին իմ գրութիւնը ու առանց նախօրօք ինծի լուր տալու՝ տպեր էին «Ծիլեր»ու մէջ: Հաճելի բան էր ստորագրութիւնդ անակնկալօրէն տեսնել տպագիր թուղթի մը վրայ: Յաջորդ տարիներուն միշտ ալ աշխատակցեցայ «Ծիլեր»ուն: Երբ հասայ վերի կարգերուն՝ արդէն ներգրաւուած էի մամուլի լուրջ աշխատանքներով. կը  թղթակցէի արտասահմանեան քանի մը հայերէն թերթերու:
Ինքզինքս շատ կանուխէն մամուլի մարդ նկատած եմ: Մամուլի նկատմամբ այդ կանխահաս եւ արտասովոր սէրն ու շահագրգռութիւնը իմ մէջ ուրկէ՞ բուսած է, թերեւս դժուար է ճշդել, բայց հետեւեալը կրնամ յիշել՝ որպէս հին օրերու պատմութիւն: Առիթով մը, երբ Ե. կարգի աշակերտ էի, բարձրացած էի մեր տան ձեղնայարկը ու այնտեղ յայտնաբերած էի կաշիէ խոշոր պայուսակ մը, որ լեցուն էր հայերէն հին թերթերու տրցակներով: Մի առ մի զննած էի այդ դեղնաւուն թերթերը: Պէյրութ տպուած «Սփիւռք» շաբաթաթերթի վաթսունական թուականներու թիւերն էին ատոնք, Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրածները: Ըստ երեւոյթին, հայրս (որ ընթերցասէր մարդ էր), բաժանորդ եղած էր այդ թերթին եւ կարդացուած թիւերը չէր թափած, այլ պահած էր զանոնք՝ խնամքով: Կ՚օրհնեմ իր բարի յիշատակը հիմա, որովհետեւ այդ հին թերթերուն յայտնաբերումը մեր տան մէջ՝ կարծէք նոր աշխարհ մը բացաւ իմ առջեւ: Գրականութեան ու մամուլի՛ աշխարհը: Եւ ես, իմ այդ փոքր տարիքին, այդ թերթերը մէկ առ մէկ բանալով՝ առնուազն անոնց վերնագրերը կը կարդայի, աշխատակից գրողներուն անուններուն կը ծանօթանայի, երբեմն ալ մանր-մունր յօդուածներ կը փորձէի կարդալ մեծ հաճոյքով:
   Հետագայ տարիները իմ ուղին արագօրէն ճշդեցին արդէն: Անդադար թերթ կը փնտռէի իմ չորս դին…: 80-ական թուականներուն, երբ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտ էի, սովորութիւն դարձուցեր էի անպայման «Ազդակ»-ի օրուան թիւը գնել մեր տան մօտիկ գրատունէն եւ ծայրէ-ծայր կարդալ զայն:
Նոյն շրջանին, իմ առջեւ բացուեցաւ մամուլի աշխարհին արտասահմանեան հորիզոնը եւս, շատ հետաքրքրական պատմութեամբ: Ուրեմն, 8-րդ կարգի աշակերտ էի եւ սովորութիւն ունէի զբօսանքի իւրաքանչիւր զանգին հետ՝ վազել դէպի Ճեմարանի գրադարանը (այն ատեն՝ «Տիգրանեան» շէնքի գետնայարկը) եւ այդտեղ, գիրքերու ինծի սիրելի աշխարհին մէջ, ման գալ՝ որչափ որ կարելի է: Այդ շրջանին, Ճեմարանը արտասահմանէն հայկական թերթեր կը ստանար. Պոսթընէն՝ «Հայրենիք»ը, Պոլսէն՝ «Մարմարա»-ն, Յունաստանէն՝ «Ազատ Օր»-ը, Թեհրանէն՝ «Ալիք»ը…: Անոնց տրցակները ընթերցասրահին սեղանին վրայ կը դրուէին, որպէսզի փափաքող ուսանողները կարդային, մտերմանային հայ մամուլին հետ: Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ այդ թերթերուն դպողները սակաւաթիւ էին…: Առաւելաբար ե՛ս էի, որ անոնց հասցէաթերթիկները քակելով՝ կը թաղուէի անոնց մէջ…: Օր մըն ալ՝ ինծի համար իսկական յայտնութիւն եղաւ «Մարմարա» օրաթերթը, որ, ինչպէս կը հասկցուէր ճակատին տպուած հասցէէն, լոյս կ՚ընծայուէր Պոլսոյ մէջ, Թուրքիա: Անմեղ միամտութեամբ մը ինքզինքիս հարց տուի, թէ ինչպէ՛ս կրնար պատահիլ՝ որ հայերուս համար «թշնամի» նկատուող երկրի մէջ հայերէն օրաթերթ լոյս կը տեսնէր…: Շա՛տ սիրեցի այդ թերթը, բովանդակութիւնը գրաւեց զիս: Ու օր մըն ալ, համարձակութիւնը ունեցայ,- առանց որեւէ մէկուն կարծիքը առնելու,- նամակ մը գրել «Մարմարա»-ի խմբագրութեան, բացատրելով որ ես Հալէպի Ճեմարանի ուսանող եմ, 14 տարեկան, ծանօթացեր եմ իրենց թերթին, շատ հաւներ եմ զայն եւ ուստի՝ կ՚ուզեմ բաժանորդագրուիլ անոր…, կը խնդրեմ, որ ինծի ղրկեն բաժանորդագրութեան սակագինը:
Քանի մը շաբաթ ետք պիտի պատահէր մեծ անակնկալը՝ կեանքիս ամէնէն յիշատակարժան դէպքերէն մէկը:
Նամակս Պոլիս հասեր էր: Թերթին խմբագիրը՝ գրագէտ Ռոպեր Հատտէճեան, իմ ձեռագիրը կարդալէ ետք նախ շատ յուզուեր, ապա խանդավառ յօդուած մը գրի առեր էր երեւոյթին մասին՝ թերթին Ա. էջին վրայ, «Թանթիկս Մեռաւ…» վերնագիրով:
Այնտեղ, Հատտէճեան նախ կը պատմէր, թէ առաւօտուն պարմանուհի անծանօթ աղջնակ մը  խմբագրատուն  գալով իմացուցեր էր իրենց, թէ այլեւս տնեցիները չէին ուզեր որ թերթ ղրկուէր իրենց տան հասցէին, որովհետեւ… թանթիկը մեռեր էր, տան մէջ հայերէն կարդացող չէր մնացեր…: Բացեր էին բաժանորդներու մայր տոմարը, հոնկէ ջնջեր էին մեռնող թանթիկին անունը: Այսինքն՝ բաժանորդ մը կորսնցուցեր էին: Տխրեր էին: Այս դէպքէն կէս ժամ ետք՝ նամակաբերը տրցակ մը նամակներ դրած էր սեղանին վրայ: Եւ անոնցմէ մին ի՛մս էր, Հալէպէն ղրկուածը: Հատտէճեան կը գրէր, թէ  այդ նամակը սեղմած էին իրենց կուրծքին, որովհետեւ «տասնհինգ տարեկան տղեկ մը կը նստի հեռաւոր թանթիկէ մը պարպուած բազկաթոռին վրայ եւ կը սկսի թերթել հայ մամուլը»: Ան նկատել կու տար որ Հալէպէն հասած այդ նամակով՝ տխրութիւնը կը վանէին իրենց դէմքէն ու արեւը յանկարծ դարձեալ բարձրանալ կը սկսէր խմբագրատան վերեւ..:
Հիմա կրնաք պատկերացնել, թէ ի՞նչ զգացումներ պարուրեցին զիս, երբ անակնկալօրէն հանդիպեցայ Հատտէճեանի այդ յօդուածին, Ճեմարանի ընթերցասրահին սեղանին վրայ կուտակուած «Մարմարա»-ներէն մէկուն մէջ:
   Տարիները արագ-արագ սահեցան ու հետագային՝ ես (երէկուան  14 տարեկան տղեկը) դարձայ նո՛յն «Մարմարա»-ի ամէնէն հաւատարիմ աշխատակիցներէն մէկը:
Աւելի վերջ աշխատակցեցայ արտասահմանեան բազմաթիւ թերթերու.- «Նոր կեանք» (Լոս Անճելըս), «Ազդակ», «Հասկ», «Բագին», «Կամար» (Լիբանան) եւ այլն: 80-ականներուն, երբ տակաւին ճեմարանական էի, պաշտօնական թղթակիցն էի Արժանթինի «Արմենիա» օրաթերթին, ողբացեալ Պետրոս Հաճեանի խմբագրութեան շրջանին: Բայց իմ հիմնական «տուն»ը եղաւ ու մնաց Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը, որուն աշխատակցեցայ շատ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ՝ լման 25 տարի, 1985-էն մինչեւ թերթին փակումը՝ 2009:  Միշտ վայելեցի թերթին կորովի խմբագրուհիին՝ տիկ. Արփիկ Միսաքեանի համակրանքն ու քաջալերանքը:  Իմ յօդուածներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը փռուած կը մնայ «Յառաջ»ի մէջ: Անոր աշխատակցած շրջանիս՝ մասնաւորաբար զարկ տուած եմ գրաքննադատական յօդուածներու: Իմ սրտիս խօսող թեմա մը եղած է գիրքերու աշխարհը, ուստի, երկա՜ր տարիներ, նոր հրատարակուած անհամար գիրքերու մասին ստորագրած եմ մեծաթիւ գրախօսականներ, որոնք շատ գնահատուած են:  Կը ծրագրեմ այդ գրադատական գրութիւնները մէկտեղել ու լոյս ընծայել առանձին ստուար հատորով մը:
(Շարունակելի)
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան