ՏԵՂԱԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 -Հալէպի Իթթիհատ ակումբի տղոց պատանեկան խումբը հանդիսացաւ Սուրիոյ ախոյեան, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Քարամէն 87-72 արդիւնքով: Հալէպի երկրորդ ներկայացուցիչ Ճալաաը՝ գրաւեց երրորդ դիրքը:
 – Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան կազմակերպութեամբ, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ մարզիչներու վերաորակաւորման երկօրեայ սեմինար մը, հսկողութեամբ Սուրիոյ հաւաքականի ամերիկացի մարզիչ Սալերնոյի:
– Սուրիոյ հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն խաղացողներէն Միշէլ Մաատանլի պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ճալաա ակումբին հետ, որուն մաս պիտի կազմէ Հալէպի մէջ ներկայ եղած ժամանակաշրջանին: Յիշենք, որ Միշէլ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած էր Հոլանտա:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿՐԵՑ ՆՈՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի թագաւորական ակումբը՝ Ռէալ Մատրիտ տակաւին կայուն վիճակի մէջ չէ, ան անցնող Շաբաթ օր կրեց նոր պարտութիւն մը, այս անգամ Լեվանթիէն: Հանդիպումի 9-րդ վայրկեանին, Ռէալի պաշտպանողական խաղացող Մէլթաուան իր կոպիտ խաղարկութ-եան հետեւանքով ստացաւ կարմիր քարթ եւ դաշտէն դուրս եկաւ: 13-րդ վայրկեանին Ասենսիօն նշանակեց մայրաքաղաքի խումբին միակ կոլը, որմէ ետք մրցակիցը՝ օգտագործելով Ռէալի նուազ խաղացող ունենալը, խտացուց իր յարձակումները, եւ նշանակեց հաւասարութեան կոլը հանդիպումի 32-րդ վայրկեանին: Երկրորդ կիսախաղի խաղարկութիւնը ընթացաւ նոյն կերպով. 64-րդ վայրկեանին Քորթուան կրցաւ հեռացնել Մարթիի կատարած տուգանային հարուածի գնդակը: Նոյն խաղացողը 78-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ նշանակել Լեվանթիի յաղթանակի կոլը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ՝ 2-1 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ Զէնէտտին Զիտան պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալուն համար երկրորդ անգամ ըլլալով բացակայեցաւ մրցումէն:
ԹՈՒԽԷԼ ՓՈԽԱՐԻՆԵՑ ՉԵԼՍԻԷՆ
ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԼԱՄՊԱՐՏԻՆ
Անգլիոյ Չելսի ակումբի սեփականատէր Ռոման Աբրամովիչ պաշտօնազուրկ ըրաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Լամպարտը, զայն փոխարինեց Փարիզ Սան Ժերմանի նախկին մարզիչ Թովմաս Թուխէլը:
Չելսին Անգլիոյ Փրեմիէր լիկի վերջին ութը խաղերուն կրեց հինգ պարտութիւն, որոնց հետեւանքով խումբը այժմ 29 կէտով կը գրաւէ 9-րդ տեղը։ Անգլիոյ գաւաթի խաղերուն, Չելսին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լութոնը եւ փոխան-ցուեցաւ 1/8 եզրափակիչ:
ՌՈՄԱՆ ՈՒՆԻ ՉՈՐՍ ՄԱՐԶԻՉԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Հռոմի Ռոմայի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի նշանակել ֆութպոլի խումբին նոր մարզիչ: Խումբի աւագ մարզիկ էտին Ջեկօ իր դըժգոհութիւնը յայտնած էր ներկայիս գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեկայի խաղաոճէն։ Ըստ իտալական լրատուամիջոցներու, Ռոմայի ակումբի նախագահ Ֆրետքին արդէն կը մտածէ մարզիչի փոփոխութեան մասին։ Ըստ forzaroma կայքի տուեալներուն, գլխաւոր մարզիչի համար կան չորս թեկնածուներ, եւ բոլորն ալ իտալացիներ են: Թեկնածուներն են՝ Իւվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչներ Մաուրիցիօ Սարին ու Մասիմիլիանօ Ալեկրին, ինչպէս նաեւ Վալթեր Մացարին եւ Լուչանօ Սփալետտին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ
ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ