Հրապարակ թերթը կը գրէ, որ «Քանի մը օր է՝ Արցախէն լուրեր կը ստանանք, որ Հադրութի մէջ ատրպէյճանցիները անխնայ վայրագութիւններ կը կատարեն, կը քանդեն, կ’այրեն տուներ եւ կը թալանեն քաղաքը։ Արցախի մէջ այս երեւոյթը կը մեկնաբանեն ըսելով, որ Ատրպէյճան շուտով պիտի կորսցնէ Հադրութը՝ զայն յանձնելով ռուսերու վերահսկողութեան։ Այս պատճառով ալ անոնք կը թալանեն քաղաքը, որպէսզի աւերակ դարձնելէ ետք յանձնեն զայն։ Վիտալի Բալասանեանի կուսակից, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեան ըսած է, որ Հադրութի մէջ տուներ այրելու, քանդելու մասին խօսակցութիւններ «մերթ ընդ մերթ» լսած է, բայց թէ ինչ նպատակով կը կատարուի, կարելի չէ ըսել։ «Մենք չենք գիտեր՝ ռուսերուն յանձնելու նախադրեալներ կա՞ն, թէ չկան, քանի որ այսօր մեր արտաքին քաղաքականութիւնը կը վարեն ՀՀ պարտուած, խայտառակ յանձնողական փաստաթուղթ ստորագրած իշխանութիւնները։ Մենք ամէն ձեւով կը փորձենք հասկնալ, թէ անոնք ինչ կը մտածեն Արցախի համար», աւելցուցած է ան: