«Երկիր».-Ստեփանակերտի Աստուածամօր ՍԲ. Յովանի մայր տաճարին մէջ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեան մատուցած է առաջնորդական առաջին պատարագը, որուն մասնակցած են ԱՀ իշխանութիւնները` Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով մատուցուած պատարագին մասնակցած է նաեւ Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ Ջրօրհնէքի արարողութեան խաչքաւոր, ԱՀ Ներքին Գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան:

Տօնական սուրբ եւ անմահ պատարագը  հանդիսապետած է յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ, Գերաշնորհ Տ․ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, որ աւելի քան 30 տարի առաջնորդած է Արցախի հոգեւոր թեմը: