Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ թրքական իշխող ուժերուն Հալէպի արուարձանի «Ռաաի» աւանին մէջ Բժշկական Համալսարան եւ Առողջապահական Գիտութիւններու բարձրագոյն հիմնարկ հիմնելու որոշումը։ Համալսարանը ենթակայ պիտի ըլլայ Իսթանպուլի բժշկական համալսարանին եւ առողջապահական գիտութիւններու հիմնարկին։ Նախարարութիւնը սոյն որոշումը անվաւեր համարեց եւ Միջազգային օրէնքին խախտում նկատեց զայն։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ թրքական ոտնձգութիւնները կը շարունակուին 2011-էն մինչեւ օրս, նպատակ ունենալով սուրիական տագնապը երկարաձգել, ՏԱՀԵՇԻ, «Ճապհաթ Նուսրա»-ի եւ այլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցիլ եւ Էրտողանի համակարգին աշխարհաքաղաքական օրակարգերը իրականացնել։ Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին վերջ տալու Սուրիոյ մէջ թրքական ոտնձգութիւններուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ գործած իր իրարայաջորդ յարձակումներուն» ։