Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը Հասիչէի Թալ Թամր արուարձանի հիւսիսային եւ հարաւարեւմտեան գիւղերու մեծամասնութեան ելեկտրական հոսանքը անջատած են ամիսէ մը ի վեր։ Հասիչէի ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անուար Աքլէ ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ թրքական ուժերը անընդհատ կը յարձակին Թալ Թամրի գիւղերուն ելեկտրականութիւն մատակարարող կայանին վրայ եւ արգելք կը հանդիսանան վերաշինութեան աշխատանքներուն։ Աքլէ յայտնեց, որ Թալ Թամրի գիւղերուն ելեկտրականութիւն մատակարարող «Մապրուքէ» Ելեկտրածին կայանը կը գտնուի թրքական ուժերուն հաստատուած շրջանին մէջ եւ այս պատճառով վերանորոգման աշխատանքներու փորձերը դժուարութեամբ կ՚ընթանան։