Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարոնի եկեղեցւոյ հիմնադիր՝ Մար Մարոնի տօնին նուիրուած հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մար Իլիաս Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագը մատուցեց Մարոնի Համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Մար Իւսէֆ Թոփճին:
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Ազգային Վարչութեան անդամ տիար Մանօ Տէր Մանուէլեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեան:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Մարոնի համայնքի Հալէպի Առաջնորդին եւ համայնքի զաւակներուն:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն