“168. am” կայքը կը յայտնէ, որ այս պահուն, տասնեակ քաղաքացիներ հաւաքուած են Էրեբունի օդակայան․ անոնք տեղեկութիւն ունին, որ հայ գերիներու խումբ մը եւս Պաքուէն կը վերադառնայ Հայաստան:

Անհետ կորած զինուորական ծառայողներէն մէկուն մայրը, որ չէ ուզած ներկայանալ, կայքի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ իրենց տեղեկութիւններով՝ աւելի քան 20 գերի պիտի վերադառնայ։