“Ազատ Օր”._Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուող հայորդիներու վերադարձի հարցը ամէնէն կարեւոր եւ արագ լուծում պահանջող խնդիրներէն մէկն է, որու լուծման համար ջանքեր կը գործադրուին համադրաբար։ Այս իմաստով, Յունաստանի ՀՅԴ ­Հայ Դատի Յանձնախումբը վերջերս նամակներ ուղարկեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին, ինչպէս եւ Հելլէն խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Գոսթաս Կիւլեքասին եւ 52 անդամ երեսփոխաններուն, իրենց նկատողութեան յանձնելով հարցի կա­րեւորութիւնը եւ շեշտելով արագ միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նամակին զուգահեռ խորհրդարանի անդամներուն տրամադրուեցան նաեւ Ատրպէյճանի ապօրինի արարքներուն կապուած փաստաթուղթերու թղթածրար եւ Հայաստանի մէջ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցի անգլերէն տարբերակը։