“Երկիր”._Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան 10 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Քուլեպային հետ։ Արման Թաթոյեան շեշտած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներուն վերադարձի անյապաղութիւնը եւ յայտնած է, որ պէտք է դիտարկուի բացառապէս մարդու իրաւունքներու ու մարդասիրական գործընթացին մէջ, ինքնաբերաբար իբրեւ միջազգային գործողութեան պահանջ։ Պաշտպանը դիտել տուած է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստականիրէն կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ հոգեկան տառապանքներ պատճառելու, շահարկումներու ու լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով: Կարեւոր նկատուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խթանումին համար Ուքրանիոյ գերագոյն ռատայի Մարդու Իրաւունքներու յանձնակատարին հետ գործակցութիւնը։ Հանդիպումին կողմերը համաձայնած են խորացնել գործացկութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ։