ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՀԱՆՔԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵ՞Ր
Քարիւղի եւ կազի հատուածները կը համարուէին Սուրիոյ կառավարութեան եկամուտներու հիմնական աղբիւրները, հակառակ  Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու հետ համեմատած անոնց սահմանափակ պաշարներուն:
«Պրիթիշ Փեթրոլեում» ընկերութեան տուեալներուն համաձայն, 2008-ին Սուրիա իր քարիւղի պաշարներէն կ՚արտադրէր օրական մօտաւորապէս 406.000 տակառ, Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով, 2011-ին, այս քանակը նուազելով հասաւ օրական 353.000 տակառի, իսկ 2018-ին՝ 24.000 տակառի:
Սուրիոյ քարիւղի հանքերը կեդրոնացած են երկրի հիւսիսարեւելեան շրջանի մէջ գտնուող, Իրաքի սահմանակից  Տէր Զօր եւ Հասիչէ նահանգներուն մէջ:
Այս հանքերը 2011-ին ծայր առած սուրիական պատերազմին հետեւանքով Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացին:
Սկզբնական շրջանին, անոնք բռնագրաւուեցան ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք զրկեցին երկրի բնիկ ժողովուրդը քարիւղի արտադրութիւններէն ու թալանելով օգտագործեցին զայն, ապօրինի ճանապարհներով վաճառելով  նաեւ Թուրքիոյ:
Յառաջիկայ տարիներուն, քարիւղի հանքերը բռնագրաւուեցան «Սուրիական Ժողովրդավարական Ուժեր» քրտական կազմակերպութեան (ՔԱՍԱՏ) կողմէ, ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ: Այս անգամ երկրի այս բարիքը օգտագործեցին յիշեալ խմբաւորումն ու անոր աջակից ԱՄՆ-ն:
Այս տարիներուն ընթացքին, Սուրիոյ ժողովուրդը ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ վառելանիւթի սոսկալի տագնապ:
Սուրիոյ նախագահը քանիցս դիմեց միջազգային ընտանիքին, ԱՄՆ-ը մեղադրելով Սուրիոյ քարիւղի գողութեան յանցանքով, այս գործընթացը անուանելով «միջազգային աւազակապետութիւն»:
Սուրիան պատերազմի տարիներուն մշտապէս հանդէս եկաւ քարիւղի իր հանքերը ազատագրելու հաստատակամտութեամբ:
Վերջերս, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի, յատկապէս ՔԱՍԱՏ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող քարիւղի հանքերու տարածքին, սուրիական բանակին եւ քրտական խմբաւորումներուն բախումները սաստկացած են:
Հետաքրքրական զարգացում էր նաեւ Փենթակոնի օրեր առաջ կատարած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, ԱՄՆ այսուհետեւ պատասխանատու չի համարեր ինքզինք Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի քարիւղի հանքերու պաշտպանութեան, այլ խօսքով՝ զանոնք ՔԱՍԱՏ-ի վերահսկողութեան տակ պահելու իր յանձնառութեան, եւ Սուրիոյ մէջ իր ներկայութեան նպատակը կը սահմանափակէ միայն ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմով:
Մօտեցումի այս փոփոխութիւնը կրնայ երկու ենթահող ունենալ, մէկը՝ Ռուսիա-ԱՄՆ ներքին համաձայնութիւնը կրնայ ըլլալ՝ տնտեսական ապագայ ակնկալութիւններով քարիւղի հանքերը սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուելու ճամբայ հարթելով, միւսը ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան տեղեկութեան համաձայն, թուրք-ամերիկեան ներքին համաձայնութեան մը արդիւնքով:
Նշեալ աղբիւրը օրեր առաջ կը յայտնէր, որ Թուրքիա ազդանշաններ կ՚ուղարկէ ԱՄՆ-ին, այն մասին, թէ  պատրաստ է հրաժարելու ռուսական «S-400» հրթիռային համակարգէն, եթէ ԱՄՆ դադրի աջակցելէ «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժեր» քրտական կազմակերպութեան:
Միւս կողմէ, 2021-ի սեմին Սուրիոյ քարիւղի եւ հանքային հարստութիւններու նախարարին յայտարարութիւնը այն մասին, թէ Սուրիա մօտօրէն պիտի ազատագրէ քարիւղի իր բոլոր հանքերը, այլ ազդանշան մըն էր, թէ զինուորական գետնի վրայ, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին, յատկապէս քարիւղի հանքերուն  վերահսկողութեան առումով փոփոխութիւններ ակնկալելի են 2021-ի առաջին կիսուն:
Քարիւղի հանքերը սուրիական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ անցնելով երկրի վառելանիւթի եւ տնտեսական տագնապներու նկատառելի մէկ համեմատութիւնը փարատած պիտի ըլլայ:
Սուրիական բանակը իր վճռորոշ դերը պիտի ունենայ այս առումով, որուն նախանշանները երեւելի կը դառնան աստիճանաբար, յատկապէս երբ ՔԱՍԱՏ կորսնցնէ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը՝ այդ շրջանները բռնագրաւուած պահելու իմաստով: