Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ Տիկնանց յանձնախումբին, Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2021-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային շնորհաւորական ընդունելութիւն, ի պատիւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Թեմի միաբաններուն եւ քահանայից դասուն: Տօնական մթնոլորտի մէջ, «Շողակաթ» երգչախումբը հոգեթով երգեցողութեամբ Սրբ. Վարդանանց զօրավարներուն եւ Սրբ. Ղեւոնդեանց քահանաներուն նուիրուած փունջ մը շարականներ եւ երգեր մատուցեց: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հայր սուրբն ու քահանայից դասը այս առիթով կարկանդակ հատեցին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով Սրբ. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թեմիս միաբան հայրերը եւ քահանայից դասը: Սրբազան Հայրը խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ինչպէս Աւարայրի դաշտին վրայ հայ հոգեւորականը հաւատարիմ մնաց իր կոչումին, նոյնպէս Սուրիոյ մէջ անցնող դժուարին տարիներուն Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականները իրենք եւս հաւատարիմ մնացին իրենց ծառայական ուխտին եւ գիտակցութեան, եկեղեցւոյ եւ հովուական ծառայութեան ճամբով ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Սրբազան Հայրը յիշեց բոլոր այն Առաջնորդները, Առաջնորդական փոխանորդները, միաբանները, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ քահանաները, որոնք ծառայած են Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, մասնաւորաբար յիշեց վախճանեալ քահանայ հայրեր Արժ. Տ. Եզնիկ քհնյ. Զղջանեանը եւ Արժ. Տ. Տաճատ քհնյ. Յակոբեանը: Սրբազան Հայրը յիշեց Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս ներկայիս իրենց ծառայութիւնը մատուցող Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Քեսապահայութեան հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանը, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանը, Գամիշլիի մէջ ծառայող Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը եւ ամբողջ հոգեւորականաց դասը, բոլորին մաղթելով արեւշատ առողջ օրեր եւ ծաղկուն ծառայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պանծացումն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմին:
Մարինա Պօղիկեան