10  Փետրուար 2021-ին, Ազգային Ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը կատարած է  յայտարարութիւններ, որոնք Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդին մօտ լուրջ մտահոգութիւններու տեղիք տուած է։ Նախարարը յայտարարած է. «Թուրքիան միջազգային հանրութեան ճնշումին ներքոյ հետզհետէ պէտք է վերադառնայ բնականոն գործընթացին, եւ, նախեւառաջ, խօսքը  այն մասին է, որ այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանին հանդէպ շրջափակում կիրառելու: Ինչպէս գիտէք շրջափակումը եւ սահմաններու փակուիլը թրքական կողմը պայմանաւորած էր Արցախի մէջ սթաթուս-քուոյով, որ փոխուած է ուժի կիրառման միջոցով, եւ այլեւս Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու որեւէ պատճառ չունի: Այս պահուն դրութեամբ որեւէ գործընթաց տեղի չէ ունեցած, բայց Հայաստանը եւ մեր դիւանագիտութիւնը գործուն ջանքեր պիտի գործադրեն, որ մեր անմիջական շրջապատը դառնայ նպաստաւոր մթնոլորտ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման համար: Կը կրկնեմ, որ անվտանգութեան մթնոլորտը իր մէջ կը պարունակէ շատ տարրեր»:

Խիստ խնդրահարոյց այս յայտարարութենէն ուղղակիօրէն կրնան բխիլ հետեւեալ հաստատումները.

1) Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի համակերպիլ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին կողմէ յարձակումի կիրառման հետեւանքով ձեւաւորուած սթաթուս քուոյի հետ` Արցախի տարածքի զգալի մասի բռնազաւթումին, բնակչութեան տեղահանման ու էթնիկ զտումներուն: Այս պարագային Հայաստանի կառավարութիւնը, ըստ էութեան, կը հրաժարի Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի իր պարտականութիւններէն:

2) Հայաստանի կառավարութիւնը փաստօրէն կը հաւատայ, որ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն բացի, որեւէ այլ կնճռոտ հարց չկայ: Մասնաւորապէս հիմնաւոր կասկած  ձեւաւորուած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի մոռացութեան մատնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հետապնդման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական սահմանին առնչուող հարցերը:

Անհասկնալի է, թէ ինչպէս ՀՀ կառավարութիւնը կը պատկերացնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը, երբ ընդամէնը ամիսներ առաջ Թուրքիոյ լիակատար եւ անթաքոյց աջակցութեամբ մեր հայրենիքի մէկ հատուածին նկատմամբ կիրառուած է յարձակում` զուգորդուած պատերազմական յանցագործութիւններով: Հետեւաբար Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին մասին խօսած է, երբ Հայաստանի սահմաններու մօտակայքը  թուրք-ատրպէյճանական լայնածաւալ զօրավարժութիւններ տեղի ունեցած են, որոնք կը համընկնին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ յաւակնութիւններ արտայայտող յայտարարութիւններուն:

Նոյնիսկ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սկզբունքային հակադրութիւններու պայմաններու մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը ոչ միայն քայլ անգամ չնահանջեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն, այլեւ կը շարունակէ սերտ փոխգործակցութիւնը տարբեր պետութիւններու մէջ գործող դեսպանատուներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ գործող ՀՀ ներկայացուցչութիւններուն հետ:

Նախարարի երէկուան յայտարարութիւնը, սակայն, կը սպառնայ գաղափարական լրջագոյն հակասութիւն ստեղծել տասնեակ երկիրներու եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ հանրային դիւանագիտութեան գործիքակազմով Հայաստանի շահերը պաշտպանող Հայ Դատի ցանցի եւ հայրենի պետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ:

Հարցը այն է, որ Թուրքիան չէ հրաժարած Հայաստանի Հանրապետութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ ՀՀ-ի ցամաքային շրջափակումը հանելու դիմաց երեսուն տարիէ ի վեր վարած իր միւս նախապայմաններէն` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի եւ Հայաստան-Թուրքիա իրաւական սահմանի հարցերով ՀՀ կողմէն զիջումներու պահանջէն: Թուրքիան կը պահպանէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր թշնամական վերաբերմունքը, որ դրսեւորուեց 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած պատերազմին Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութեամբ եւ կը շարունակուի  Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն Թուրքիոյ ներսը եւ այդ երկրէն դուրս կիրառուող հակահայ քայլերով: Մինչեւ Թուրքիան հիմնովին չփոխէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը, վերջինիս հետ ՀՀ-ի կողմէն երկխօսութեան որեւէ փորձ Թուրքիոյ կողմէն պիտի օգտագործուի իր վերոնշեալ նպատակներու իրականացման համար: Յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին` Թուրքիոյ համար պիտի ըլլայ շահարկման ընձեռուած առիթ:

Մեզի համար ՀՀ քաղաքական իշխանութեան յանցաւոր անպատրաստութիւնը եւ Հայաստանի կենսական շահերը սպասարկելու անկարողութիւնը այլեւս  նորութիւն չեն: Կ’ակնկալենք, սակայն, որ ՀՀ պետական համակարգի տակաւին  ամբողջովին չքանդուած հիմնարկներէն մէկը` ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ցուցաբերէ զգօնութիւն չյանձնուելու համար Թուրքիոյ նենգամիտ քաղաքականութեան: Հայաստանի, ներառեալ Արցախի, անվտանգութեան ամրապնդման առաջին նախապայմանը Հայաստանի ներսի իրավիճակի հիմնական փոփոխութիւնն է, որ միայն կրնայ սկսիլ երկիրը պարտութեան առաջնորդած եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնէն կառչած անձնաւորութեան հեռացումով: Միայն այդ ժամանակ կարելի է մտածել, խօսիլ, ծրագրել եւ գործել այնպէս, որպէսզի. «Մեր անմիջական շրջապատը դառնայ նպաստաւոր մթնոլորտ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման համար»:

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ
11.02.2021թ.