11 Փետրուարին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան կոչ ուղղած է ժողովուրդին.

«Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Արթնցի՚ր:

Իշխանութիւնները  որոշում գոյացուցած են, որ այսուհետեւ Սիւնիքի որոշ հատուածներու մէջ տարբեր նիւթեր լուսաբանելու նպատակով անհրաժեշտ է ունենալ ՀՀ ազգային անվտանգութեան մարմիններու համաձայնութիւնը:

Երէկ նաեւ յայտնի դարձաւ, որ կայ գաղտնի փաստաթուղթ, ըստ որուն` ի վնաս Հայաստանի կ՚որոշեն Սիւնիքի սահմաններն ու անոնցմով անցնող միջոցները: Ին՞չ այլ գաղտնի եւ անօրինական փաստաթղթեր կան ստորագրուած, դեռեւս պարզ չէ:

Կ’անցնի ժամանակ, եւ ինչպէս 9 նոյեմբեր 2020֊ի գիշերը, օր մը կ’արթննանք ու կը պարզենք, որ այլեւս Սիւնիք չունինք:

Յիշեցէք` պատերազմէն յետոյ` 8 հոկտեմբերին, կառավարութիւնը ընդունեց որոշում, որով արգիլեց իրականությունը պարզելու իրաւունքը:

Արդիւնքը եղաւ այն, որ 44 օր մեզ խաբեցին, իսկ ճշմարտութիւնը ըսողները սկսան հետապնդել ու քարկոծել: 9 նոյեմբեր 2020֊ի գիշերը պարզուեցաւ, որ մեր թիկունքին ստորագրուած է  անձնատուութեան փաստաթուղթ: Ատիկա սարսափելի հարուած էր մեր ժողովուրդին համար, որիու 44 օր կը խաբէին, ըսելով թէ կը յաղթենք:

Այժմ մենք չունինք մեր հայրենիքին զգալի մէկ մասը, ունինք 5000-էն աւելի զոհ, 10 հազարէն աւելի վիրաւոր, հարիւրաւոր գերիներ, անհետ կորածներ: Չունինք նաեւ բանակ, իսկ այն, ինչ մնացած է բանակէն, ամէն օր կ՚ապացուցէ, որ գոյութիւն չունի:

Հայաստան ամէն օր կը փոքրանայ, մեր տարածքները  օտարները կը տնօրինեն: Իրավիճակը փոխելու ճամբուն մենք համոզուեցանք, որ չունինք ոստիկանութիւն, քանի որ այ, ծառայելով այսօրուան իշխանութեան, կը ծառայէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի շահերուն:

Այն ամէնը, ինչ որ մեր նախնիները հսկայական ջանքերու եւ զոհերու գնով ժառանգած են մեզի, կորսնցուցինք եւ կը շարունակենք կորսնցնել` բութ անտարբերութեամբ տարուած մեր կեանքի մանրուքներով ու բամբասանքներով:

Սիրելի՛ ժողովուրդ, քեզ քնացուցեր են:

Ապագայ սերունդները պիտի անիծեն մեզ: Մենք պիտի թողունք ժողովուրդի ստրկացած հատուածի մը այս տարածքին մէջ, որ դեռ կը կոչուի Հայաստան, իսկ մնացածը պիտի ցրեն աշխարհով մէկ` դառնալով պանդուխտ:

Արթնցի՛ր, ժողովուրդ, համարձակի՛ր երկրի ապագան վերցնելու ձեռքդ, հակառակ պարագային զայն կը վերցնեն Թուրքիան ու Ատրպէյճանը` այս իշխանութիւններուն ձեռքով:

Մի՛ սպասէր քաղաքական կուսակցութիւններու քայլերուն: Բոլոր ազգային քաղաքական ուժերը ձեր կողքին են, բայց դու՛ք կ՚որոշէք երկրի ապագան:

Կոչ կ՚ուղղեմ վաղը` 12 Փետրուարին, ժամը 15:00-ին, հաւաքուելու Ազատութեան հրապարակ եւ որոշելու մեր ընելիքը: Մեր աչքին առջեւ մենք կը կորսնցնենք մեր Հայրենիքը:

ՎԱԶԳԷՆ Մանուկեան
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում

11.02.2021 թ.»