Հին ժամանակներէն աղը եղած է մարդուն անբաժան ընկերը, եւ այնքան կարեւոր որ նոյնիսկ յիշատակուած է Սուրբ գիրքին մէջ։ Թագաւորներուն եւ իշխաններուն սեղաններուն վրայ սրբազան համեմունք եղած է աղը, որուն հանքերը ձեռք ձգելու համար պատերազմներ մղած են, ան ոսկիի նման յարգի էր։ Միջնադարուն առեւտուրի փոխանակման թանկ ու շահեկան միաւոր եղած է՝ 1kg=1kg ոսկիի համազօր։ Սակայն իր բնոյթով երկակի է. երբեմն կը համարուի կեանքի ու երջանկութեան խորհրդանիշ եւ երբեմն մահուան ու դժբախտութեան։
Աղի շուրջ ունեցած մեր պատկերացումները հայկական մշակոյթին մէջ հազարամեակներու կուտակուած իմաստութեան եւ փորձի խտացումներն են։ Ժողովրդական բառն ու բանը, ծէսերը եւ աւանդութիւնները պայմանաւորուած են ազգային բնաւորութեան առանձնայատկութիւններով, հետեւաբար աղի նկատմամբ մեր պաշտամունքը պատահակն չէ, անիկա օրհնանք է, կ՚ընծայուէր Անահիտ աստուածուհիին եւ իբրեւ պտղաբերութեան նշան կը ցանուի նորածին երեխաներուն վրայ, ու անով կը խաչակնքուի ամէն բան։
Կը պահէ չարիքէն՝ տան բերելով բարիք։ Հիւրերը կը դիմաւորուին աղ ու հացով իբրեւ սրբութեան նշան, իսկ հաւատարիմ ընկերները կը կիսեն աղն ու հացը, որոնց վրայ տրուած երդումը անխախտ է եւ ունի զօրաւոր ուժ։
Բազմաթիւ են նաեւ բժշկագիտական փաստերը աղի մաքրագործող, ախտահանող, հակաբորբոքային, արիւնահոսութիւնը դադրեցնող եւ պաշտպանողական իւրայատկութիւններուն մասին։ Ըստ աւանդութեան մաշկի վրայ յառաջացած գորտնուկը բուժելու համար ափին մէջ կը պահէին աղը ու շշնջելով կ՚աղօթէին…
Լուսինը նոր
Գորտնուկը չոր
Օրթում ուտեմ
Թոք չուտեմ
Ա՛յ աղ դուն այստեղ հալի՛ր
Ա՛յ գորտնուկ դուն այստեղ չորցի՛ր։
Անի Մինասեան