Կիրակի, 14 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի երդման արարողութիւն կատարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին դիմաց։ Նախագահ Ասատ ընդունեց Ճաաֆարին եւ շնորհաւորեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ։