Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները իրենց հսկողութեան տակ առին Ճէզիրէի, Գամիշլիի եւ Հասիչէի կառավարական ջաղացքները եւ թալանեցին մթերանոցներու ապրանքները՝ հատիկեղէնը, ալիւրը եւ այլն։ Յիշենք, որ ՔԱՍԱՏ ամիսներ առաջ բռնագրաւեց Հասիչէի Նաշուա թաղամասին մէջ գտնուող ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնը, Ղուէրան թաղամասին մէջ գտնուող սուրիական հատիկի տնօրէնութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ մարզական քաղաքը, աշակերտական հանրակացարանները, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան եւ բնապահպանութեան գրասենեակները, ոստիկանատունը, քաղաքային կառավարական դիւանատունը եւ առեւտրական դրամատունը։