ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահուերտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի անդամ Արսէն Շիրվանեան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան ընկերներուն հետ այցելած են Մարտունի քաղաք եւ յարգանքի տուրք մատուցած են Գարեգին Նժդեհի եւ Մոնթէ Մելքոնեանի յիշատակին:

Մարտունի կատարած այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ ԱԵՄ-ի ընկերները այցելած են դիրքապահներուն, զրուցած են ստեղծուած իրավիճակին մասին, դիտարկած են բարձունքը, ծանօթացած են զինուորականներու առօրեային:

Երիտասարդները այցելած են նաեւ Մարտունիի բարձունքին տեղակայուած խաչը եւ  տարածքի մաքրումի աշխատանքներ կատարած են: