Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը զոյգ նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահին, խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի իրարայաջորդ յարձակումները, որոնց վերջինը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2020-ի գիշերուան ժամը 1:18-ին, Դամասկոսի վրայ։
Նախարարութիւնը նամակներուն մէջ հետեւեալը արձանագրեց. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս Իսրայէլը կը զգուշացնէ տուրիական հողերուն վրայ իր գործած յարձակումներուն հետեւանքներէն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելու իր նկրտումներէն եւ Կոլանի բռնագրաւման փորձերէն»։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիա վերստին կոչ կ՚ուղղէ Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ ՄԱԿ-ի համաձայնագրին միջազգային անվտանգութեան պահպանման յօդուածը յարգել տալու, իսրայէլեան յարձակումները դատապարտելու եւ կասեցնելու»։