Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ գործող ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները Ռաքքայի արեւմտեան արուարձանի «Մանսուրա» գիւղը խուժեցին եւ երիտասարդներ առեւանգեցին։ ՔԱՍԱՏ-ի զինեալները զէնքի ուժով առեւանգուողները իրենց ենթակայ զօրանոցները ուղղեցին, որպէսզի հոն մարզուին եւ պարտադրաբար իրենց կողքին պատերազմին։