«Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջով յայտնած է, որ մարդասիրական հարցերու շուրջ գործակցութեամբ  ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ եւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ Փետրուարին ատրպէյճանական կողմը Արցախին  յանձնած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած 106 անձի մարմին:

Ան աւելցուցած է, որ վերջին պատերազմի զոհերու մարմիններուն ու կարելի ողջերու որոնման աշխատանքները կը շարունակուին: