«Արմէնփրէս».-Պաքուի մէջ  19 Փետրուարին տեղի պիտի  ունենայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում:  Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Պաքու պիտի  ժամանէ 18 Փետրուարին, իսկ Վրաստանի փոխվարչապետ, ԱԳ նախարար Դաւիթ Զալքալիան` 19 Փետրուարին:

Նախատեսուած է նաեւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի երկկողմ հանդիպումները թուրք եւ վրացի գործընկերներուն հետ: