«Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոփով` Ռուսիա, Սթեֆան Վիսքոնտին` Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Էնտրիւ Շոֆեր) 16 Փետրուարին տեսակապի միջոցով  զրոյցներ ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Զրոյցներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քէսպրչիքը:

«Իրաքանչիւր նախարարի հետ համանախագահները միտքերու երկար ու բովանդակային փոխանակութիւն  կատարած են` տարածաշրջանի մէջ կայունութեան խթանման, միջնորդական գործընթացին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի դերին առնչուող հարցերու շուրջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: