Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները նամակներով կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու յանձնակատարին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներուն, նպաստելու Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակման՝ շեշտելով, որ խորապէս մտահոգ են անոնց վիճակով։

Նամակին տակ ստորագրած են Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Լուզ Ռիվազ եւ Ատրին Նազարեան։