Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ին, «Շամ Թայմզ» հաղոդեց, որ Սոչիի մէջ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի 15-րդ միջազգային հանդիպումին լոյսին տակ, Ռուսիա եւ Թուրքիա, որպէս Ասթանայի գործընթացի հովանաւոր պետութիւններ, խստիւ դատապարտեցին ԱՄՆ-ի ուժերուն Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ սուրիական քարիւղի բռնագրաւումը։ Անոնք շեշտեցին, որ քարիւղի դաշտերը սուրիական կառավարութեան հսկողութեան տակ պէտք է անցնին։