Ասթանայի մէջ Սուրիոյ պատուիրակութեան նախագահ Այման Սուսան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական եւ ամերիկեան բռնագրաւեալ ուժերը կը խափանեն Սուրիոյ խաղաղութեան գործընթացը: Անդրադառնալով յատկապէս թրքական ուժերու բռնարարքներուն, անդիտել տուաւ, որ թրքական ուժեր ոչ միայն սուրիական հողեր կը բռնագրաւեն, այլ զօրավիգ կը կանգնին ահաբեկչական խմբաւորումներուն ոճիրներուն, յատկապէս Իտլիպ նահանգին մէջ, խախտելով զինադադարի համաձայնութիւնը: Թրքական ուժեր տակաւին պատերազմական ոճիրներ ալ կը գործեն՝ Հասիչէ նահանգի մէկ միլիոնի հասնող Սուրիոյ բնակչութիւնը զրկելով բնական ջուրէն: