Անցնող շաբաթներուն, Սուրիոյ մէջ առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ դաշնամուրի Սուրիոյ առաջին մրցումը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հալէպահայ երիտասարդ դաշնակահար Ռաֆֆի Պալեան, միջազգային դասական երաժշտութենէն երեք ստեղծագործութիւններ նուագելով՝ Bach (prelude and fugue), Frederic Chopin (Etude Ocean) եւ Beethoven (Moonlight Sonata): Մրցումը ընդգրկեց 9 տարեկանէն սկսեալ դաշնակահարներու չորս տարիքային խմբաւորումներ։ Ժիւրիի անդամներն էին՝ սուրիացի խմբավար Անտրէ Մաալուլի եւ Ֆինլանտայէն ու Վենեզուելլայէն երեք երաժիշտներ: Ռաֆֆի Պալեան իր տարիքային խումբին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարուհի դոկտ. Լուպանա Մուշաուահի, Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաթաքիոյ Տար ալ Ասատ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մակարդակով դաշնամուրի առաջին մրցումի մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ռաֆֆի Պալեան յիշեալ հանդիսութեան կատարեց Պեթհովենի «Moonlight Sonata»ն, հրապուրելով երաժշտասէր հանդիսատեսները: Հանդիսութեան աւարտին, ան երրորդ հանդիսանալուն առիթով գնահատագիր ստացաւ: Այս առիթով ան իր սրտի խօսքը արտասանեց ըսելով. «Տարիներու գլորումով հասայ նպատակիս: Այս մրցանակը վերջին փուլը չէ, այլ երաժշտական ճամբորդութեանս սկիզբը: Այս առիթով իմ երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ ընտանիքիս եւ սիրելի ուսուցիչներուս։ Ամենամեծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ տիկ. Պեթի Նագգաշեանին, այն անձնաւորութեան, որ դաշնամուրի աշխարհ մուտք գործելու առաջին իսկ օրէս ընկերակից դարձաւ ինծի՝ երազանքներուս եւ իղձերուս երկար ճամբուն ընթացքին եւ փուլ առ փուլ առաջ մղեց զիս, որպէսզի նպատակիս Հասնիմ եւ իրագործեմ տարիներու երազանքս: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարուհի դոկտ. Լուպանա Մուշաուահին, ժիւրիի անդամներուն եւ յարգարժան տնօրէնին, որոնք այս գեղեցիկ առիթը ընծայեցին մեզի, որպէսզի կարենանք մեր երաժշտական ձիրքը զարգացնել եւ լաւագոյնս ներկայացնել զայն Սուրիոյ մշակութային բարձր բեմերէն»: Յիշենք, որ Ռաֆֆի Պալեան որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կը դասաւանդէ Հալէպի հայկական վարժարաններէն ներս: Որպէս դաշնամուրի ուսուցիչ, ան կը դասաւանդէ նաեւ Հալէպի հայկական եւ պետական երաժշտանոցներէն ներս: Ան դաշնակահարն է Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբին: