Աւստրալիոյ խորհրդարանի կայքին մէջ խնդրագիր  ներկայացուած է, ուր կոչ ուղղուած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Ան ներկայացուած է խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին եւ փոխանցուած է Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնած խնդրագիրը ստորագրած է 3164 աւստրալիացի: Խնդրագիրով կոչ ուղղուած է հետեւիլ Ֆրանսայի խորհրդարանին, Նոր Հարաւային Ուելսի օրէնսդրական ժողովին եւ այլ օրէնսդրական մարմիններու օրինակին եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Կայքին մէջ նշուած է, որ Արցախի Հանրապետութեան տարածքը Ատրպէյճանը մասամբ զաւթած է ` հայերու դէմ Թուրքիոյ աջակցութեամբ սանձազերծած պատերազմէն վերջ:

Խնդրագիրին համաձայն, փաստաթուղթը Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ներկայացուելէ ետք  նախարարները 90 օր ժամանակ ունին արձագանգելու :