Կողմերը քննարկած են 9 Նոյեմբեր 2020-ի միատեղ յայտարարութեան կէտերու իրականացման ընթացքը: Մասնաւորապէս, ընդգծուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու շուտափոյթ վերադարձի կարեւորութիւնը: Հայկական կողմը մտահոգութիւն  յայտնած է, որ Ատրպէյճանը լիարժէքօրէն չի կատարեր միատեղ յայտարարութեան տուեալ կէտին պահանջները:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ գործակցութեան օրակարգի հարցերը եւ դաշնակցային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները: