«Երկիր».- Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Թուրքիա:

«Այցելութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայի հրաւէրով: Այցելութեան ընթացքին, որը տեղի կ’ունենայ 18 Փետրուարին, Ասատովը կը հանդիպի Օքթային հետ, այնուհետեւ անոր կ’ընդունի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը», գրած է գործակալութիւնը:

Բացի այդ, Ասատովն ու Օքթայը պիտի մասնակցին 19 Փետրուարին տեղի ունենալիք` տնտեսական գործակցութեան ատրպէյճանա-թրքական միջկառավարական յանձնաժողովի 9-րդ նիստին:

Anadolu-ն, վկայակոչելով թուրք նախագահի աշխատակազմի աղբիւրներ, յայտնած է, որ պետական եւ մասնաւոր հատուածներու երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային համաձայնագիրներու գումարը կը գերազանցէ 100 մլն տոլարը: