Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ին, Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման բարձրագոյն խորհուրդին հետ։ Հանդիպումին ընթացքին Ասատ ըսաւ. «Տեղական ինքնակառավարումը իր բոլոր մասնաճիւղերով կամուրջն է պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ, հետեւաբար ճշգրիտ տուեալներ կը փոխանցէ կառավարութեան եւ վերջինս իր կարգին ճիշդ որոշումներ կ՚որդեգրէ, առաջնահերթութիւն նկատելով քաղաքացիին կարիքները։ Հարցերու լուծումը պէտք չէ միայն օրէնքներով սահմանափակուի, այլ գետնի վրայ գործնականացումով։ Սա նահանգապետներուն եւ նահանգի խորհուրդներուն պատասխանատուութիւնն է։ Անհրաժեշտ է տեղական ինքնակառավարման խորհուրդի աշխատանքը ճշդող օրէնքները սերտողութեան ենթարկել՝ փտածութեան երեւոյթները կանխելու համար, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ խորհուրդին աշխատանքային համակարգին վրայ։ Տեղական ինքնակառավարման եւ ժողովրդային գործունէութեան միջեւ գործակցութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն ներկայ հարցերուն լուծման շուրջ խորհրդակցելով, այլ սերտողութիւններ ներկայացնելով եւ յարմար ներդրումներ խրախուսելով, յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ»։