Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, արցախեան վերջին պատերազմին Հայաստանի դիւանագիտական եւ ռազմաքաղաքական ձախողութիւններուն՝ յանձնուողականութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներուն:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ՝ «Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ յայտարարած է, որ ձեզմէ իբրեւ ժառանգութիւն ստացած է բանակցային փաթեթ մը, որուն հետ բովանդակային բանակցութիւններ սկսիլ կամ շարունակելը արդէն իսկ կարելի չէր: Այդ կարելիութիւնները սպառած էին, այդ պատճառով ան սկսած է իր կէտէն, ոչ թէ ձեր կէտէն, ինչպէս ինք բառացիօրէն կ՚ըսէ, եւ կը շեշտէ, որ Արցախի կարգավիճակի հետագայ ճշգրտման որեւէ կարելիութեան մասին խօսք չէ եղած ձեր կողմէ անոր ձգուած ժառանգութեան մէջ, փոխարէնը խօսք եղած է միայն եօթը շրջանի անվերապահ յանձնման մասին, ընդ որում՝ որեւէ երաշխիք չէ եղած, որ Ատրպէյճան նոր պայմաններ կամ նոր պահանջներ մեզի պիտի չներկայացնէ: Այսինքն՝ փաստօրէն 2018-ի Ապրիլին բանակցային հոլովոյթը եղած է փակուղիի մէջ: Այդպէ՞ս է», Սերժ Սարգսեան պատասխանած է. «Ո՛չ, միանշանակ ո՛չ: Անոր ըսածները ցոյց կու տան միայն ու միայն այն, որ ինք, նոյնիսկ գրեթէ երեք տարի աշխատելով իբրեւ վարչապետ, այսինքն՝ ըլլալով գլխաւոր բանակցող, չէ հասկցած բանակցութիւններուն իմաստը, թէ ընդհանրապէս ի՛նչ կը բանակցին: Ձեր ըսած միտքը ան շարադրած է յանձնուողական պարտութենէն ետք եւ առանց յապաղումի համանախագահ երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչը՝ Փոփովը, այդ փուչիկը պայթեցուցած է: Կրնայ ըլլալ ինծի չհաւատան, բայց արդեօք որեւէ հիմք կա՞յ չհաւատալու Փոփովին, որովհետեւ, եթէ Փոփովին ըսածը իրականութեան մէկ միլլիմեթր նոյնիսկ չհամապատասխաներ, միւս համանախագահները պիտի փորձէին զինք ուղղել…
… Կ՚ուզեմ սկզբունքային հարցերուն անդրադառնալ, ըսել հետեւեալը, որ մենք երբեք, երբեք չենք բանակցած մեր յանձնելիքին մասին, մենք միշտ բանակցած ենք այն մասին, թէ մենք ի՛նչ պիտի ստանանք: Բայց բանակցութիւնները այս մարդոց համար տալու կամ չտալու հարց էին, ինչ որ անհեթեթութիւն է, անհեթեթութիւն՝ թերեւս ինչ որ չափով բնորոշ այդ կարգի մարդոց համար: Մեր փափաքածը եւ մեր կարմիր գիծը այն էր, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չըլլար Ատրպէյճանի կազմին մէջ, երբեք: Այդ էր մեր կարմիր գիծը, եւ մենք այդ գիծը պաշտպանած ենք մինչեւ 23 Ապրիլ 2018»: