Շաբաթ, 13 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Տեառնընդառաջի նախատօնակին հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց հաւատացեալներու հոծ բազմութեան՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Տօնական հոգեւոր ցնծութեամբ, եկեղեցւոյ դպրաց դասը հընչեցուց Տեառնընդառաջի տօնին խորհուրդը պարզող շարականներ: Այս միջոցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մէջ շրջելով օրհնեց հաւատացեալներն ու երեխաները: Ապա տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն:
Սրբազան հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը, յայտնելով, որ Քրիստոս որպէս լոյս եկաւ խաւարը լուսաւորելու եւ մարդուն վերադարձնելու աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը, որոնք կորսնցուցած էր ադամական մեղքին պատճառով:
Մասիս եպիսկոպոս պարզաբանելով Տեառնընդառաջի տօնի խորհուրդը, անոր մէջ երկու տեսարաններ պարզեց՝ հոգեւոր ուրախութեան տեսարանը եւ զոհողութեան ու չարին դէմ պայքարելու ոգին, որուն կենդանի օրինակը Մարիամ Աստուածածինը հանդիսացաւ: Նոյն օրինակին հետեւեցան հայ մայրերը մեր ողջ պատմութեան ընթացքին:
Ապա սրբազան հայրը կոչ ուղղեց Մեծ Պահքի օրհնաբեր օրերուն Մարիամի նման հրաժարիլ անցաւոր կեանքէն եւ բարձրանալ դէպի աստուածայինը եւ հոգեւորը: Ան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, մաղթեց, որ Տէրը այցի գայ եւ մեր առջեւ բանայ լոյսի, յոյսի եւ առողջութեան դռները: Վերջապէս սրբազան հայրը մայրերուն եւ մեծ մայրերուն պատուիրեց, որ  իրենց զաւակները եւ ընտանիքները եկեղեցի ուղղեն, որպէսզի օրհնուին Քրիստոսի ներկայութեամբ:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Խորանի կանթեղին լոյսով լուսաւորեց հաւատացեալներուն մոմերը, ապա հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ.վարժարանի բակ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն, որուն ընթացքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի առաջնորդութեամբ մատուցեց փունջ մը շարականներ եւ մաղթանքներ:
Տեառնընդառաջի տօնի աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները իրենց նորածին երեխաները ընծայաբերեցին Սուրբ Խորանին, ստանալու համար Աստուծոյ օրհնութիւնը: Անոնք, Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը լապտերներով իրենց տուները տարին, Տիրոջ լոյսով օրհնելու իրենց բնակարանները:
Յիշենք, որ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Մարոնի եկեղեցւոյ Առաջնորդի Օգնական Իլիաս Ատես վարդապետը եւ Սրբազան Հօր հետ միասին կատարեց հրավառութիւնը։
Աւարտին, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ Տիկնանց Յանձնախումբին հետ։ Սրբազան Հօր այցելեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը, ընկերակցութեամբ թաղականութեան անդամ տիար Յարութ Զգուշեանի, որուն բարերարութեամբ լապտերներ պատրաստուած էին։ Անոնք այս առիթով լապտեր նուիրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Այս առիթով, Դամասկոսի, Հալէպի, Ճեզիրէի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Ազգ. Վարժարաններուն եւ Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնը։
Թղթակից