«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ թայիպ Էրտողանի հետ, որուն ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած  է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ համաձայնութիւններու իրականացումը:

«Շարունակուած  է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին քննարկումը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւններու կատարումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգումը ` ի շահ տարածաշրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացմանը», արձանագրուած  է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները գոհունակութհամբ արձանագրած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միատեղ կեդրոնի աշխատանքին մեկնարկը: