Հայրենասիրութեան ոգիի, քրիստոնէական հաւատքի պահպանումին եւ գոյատեւումին ներշնչման աղբիւր՝ Վարդանանց հերոսմարտը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Այսօր եւս պատերազմները կը շարունակուին, ճակատները կը բացուին, սակայն հայ ժողովուրդը միակամ եւ վերստեղծող հանգամանք ունենալով կը շարունակէ իր գոյութենական պայքարը։

15 դար ետք, հայ ժողովուրդը կրկին կը յիշատակէ սոյն սրբազան խորհուրդն ու ուխտը, իր գոյութեան մէջ վերանորոգելով  ճակատամարտի վեհ գաղափարը:

Առ այդ, Հայ երեք Համայնքապետներու հովանաւորութիամբ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 12 Փետրուար 2021-ին,  ժամը 5:00-ին, հալէպահայ գաղութը համախմբուեցաւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ նշելու հայ ժողովուրդի պատմութեան հերոսական էջերէն մէկը՝ Վարդանանց տօնը: Տօմախմբութեան իրենց ներկայութիւնը բերին՝ հոգեւոր հովիւներ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,  ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ու հայրենասէր հանրութիւն:

Տիար Յովիկ Գերպապեան ողջունեց ներկաներն ու   բացման խօսքին ընդմէջէն վեր առաւ Վարդանանց պատերազմի քաջերուն մղած յաղթանակը ըննդէմ պարսից հայաջինջ քաղաքականութեան, որուն առինքնող ոգին աւանդուած է սերունդէ սերունդ:

Ապա գաղութիս հայ երեք համայնքապետները յաջորդաբար հանդէս եկան փոխանցելով իրենց պատգամն ու սրտի խօսքը:

Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տէր Արք. Պետրոս Միրիաթեան հիմնուելով Յովհաննու Աւետարանի 15:20 գլուխին յայտնեց, որ առ այսօր քրիստոնեաները հալածանքի կ’ենթարկուին, եւ փաստօրէն անցնող տարի՝ 2020-ին  երկու միլիոն քրիստոնեայ հալածուած է զանազան երկիրներու մէջ եւ նահատակութեան ենթարկուած են մօտաւորապէս 5000  հաւատացեալներ:

Գերապայծառը լուսարձակի տակ առնելով քրիստոնէականութեան սկզբունքային իրականութիւնը՝ հալածանքն ու նահատակութիւնը ըսաւ, որ տարուէ տարի հալածուողներուն եւ նահատակուողներուն թիւը կը շատնայ  վասն Քրիստոսի իրենց ունեցած  հաւատքին համար:

Այնուհետեւ ան մեկնաբանեց Վարդանանց յիշատակութեան տուն տուող  պատճառները.

Ա-Հերոսամարտին արդար ճարտարամարտ ըլլալը:

Բ-Սուրբ  ըլլալը, որ մղուած է յանուն հաւատքի եւ վասն Քրիստոսի:

Գ- Համազգային բնոյթ ունենալը, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը մասնակից դարձաւ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ, թէ՛ տղամարդ եւ թէ կին՝ պաշտպանելու համար հայրենի հողն ու քրիստոնէական հաւատը:

Գերապայծառը եզրափակելով ըսաւ, որ այսօր եկած ենք Վարդանանց յիշատակը յարգելու, հաղորդուելու իրենց անցեալի փառքով եւ ուխտելով հաւատարիմ  մնալու Վարդանի եւ իր ընկերներուն նշանաբանին՝ «Վասն Քրիստոսի եւ Վասն հայրենեաց»:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան սոյն յիշատակումի երեկոյին իր սրտի խօսքը փոխանցեց, որ պատմութեան այս փուլին,  թշնամին ուզեց հայը վերադարձնել դէպի խաւար, սակայն հայը ընտրեց մնալ լոյսին մէջ: Երբ ուզեց վերադարձնել դէպի անդունդ՝ հայը ընտրեց  Աստուծոյ ճամբուն մէջ մնալ պայքարի ուղիով:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Վարդանի վերջին ճառին մէջ կային երկու հիմնական պատգամներ՝ առաջինը չյանձնուելու եւ երկրորդը՝ մինչեւ վերջ պայքարը շարունակելու: Գերաշնորհ Սրբազան հայրը մատնանշեց, որ անցեալէն ներկայ մեր պայքարի եւ պահանջատիրութեան ուղին դադար չէ ունեցած, որովհետեւ կոչուած ենք պայքարելու՝արդարութեան, խաղաղութեան եւ ազատութեան համար:  Ան յայտնեց.  «Աւարայրը չեղաւ գերեզման մեզի համար, այլ՝ յարութեան արշալոյսը: Վարդանանցը միայն բարիակամ յաղթանակ չապահովեց  մեզի, ապա պահեցինք մեր արժանապատուութիւնը, բարոյական  արժէքները,  հայրենիքն ու  կրօնքը»:

Առաջնորդը իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց հայութեան՝ Սուրիոյ , Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին,  միասնաբար վերածուելու մէկ բռունցքի եւ պաշտպանելու մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները եւ  այս գիտակցութեամբ  շարունակելու հաւաքական, նուիրական եւ սրբազան մեր երթը:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի  Սելիմեան իր խօսքի սկիզբը բնութագրեց Վարդանանց ճակատամարտէն մեզի ուղուած խորհուրդն ու պատգամը, որոնք էական են վերլուծելու համար հերոսամարտի ամբողջական նշանակութիւնը՝ քրիստոնէական հաւատքի ինքնապաշտպանութիւնը, հայրենիքի իշխանութիւնն ու պետականութիւնը վերադարձնելու եւ հողին կառչելու սկզբունքային կողմնորոշումը:

Ապա Վերապատուելի Համայնքապետը ներկաները հրաւիրեց Վարդանի խորհուրդով, հայ ժողովուրդին համար միանալու, լիցքաւորուելու ու համախմբուելու ճշմարիտ եւ իսկական Տէր Յիսուսի անձին մէջ: Համայնքապետ Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ Վարդանի եւ իր ընկերներուն պատերազմը գոյութենական էր, այսինքն  առնչուած է մեր ազգային ինքնութեան եւ հաւատքի ճշմարտութեան:

Ան իր խօսքի աւարտին Սրբազան Պօղոս առաքեալին Երբրայեցիներուն եկեղեցիին գրած թուղթին (12:2)  համարը մէջբերելով ըսաւ, որ  Յիսուսին նայելով քալենք մեր հաւատքի ճանապարհին մէջ, որ խաչը յանձն առաւ եւ  որուն օրինակին հետեւեցաւ Վարդան եւս: Վերապատուելին աղերսելով ներկայ հայոց իրականութիւնը անցեալին հետ ըսաւ.«Այսօր Հայաստանն ու Արցախը վիրաւոր է:  Հայ ժողովուրդը  թուրքերուն եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէն իրականացուած հայաջինջ քաղաքականութեան զոհ դարձան: Անոնք 5-րդ դարաշրջանին եւս Պարսից հայաջինջ քաղաքականութեան զոհն էին, որոնք հասարակ յայտարարները եղան մեր հարեւան երկիրներուն եւ ազգերուն միջեւ»: Վերապատուելին կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր ստեղծագործ միտքին, եւ իր ուրոյն հայկական վերարտադրող նկարագիրին եւ քրիստոնէական հաւատքին պիտի շարունակէ մնալ դարէ դար:

Իր խօսքի աւարտին Համայնքապետ Վերապատուելին կոչ ուղղեց կրկնակիօրէն հաւատալու եւ ընդունելու, որ մենք պիտի կարենանք  այսօրուան մղձաւանջը եւ ձգտումները, տխրութիւնն ու ուրախութիւնը, կորսնցուցածն ու  վերագտածը Աստուծոյ անունին պատուականութեան համար գործածելու:Ուստի ըսաւ, որ եթէ մեռնինք, այդ զոհաբերութիւնը պիտի ըլլայ նահատակութիւն, ու եթէ ապրինք՝ Անոր անունին պատուկանութիւն բերելու համար:

Գեղարուեստական յայտագիրով պարբերաբար իրենց հոգեպարար մեկնաբանութեամբ  մասնակցութիւն բերին Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միացեալ երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, ֆլիւթով՝ Շողեր Գերպապեանի եւ ջութակով Անժելլա Տաղլեան եւ Տեսիլ Սարեան «Գողթնի Գնարք», «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան», ապա Գէորգ Արոյեան մեներգեց «Մենք Քաջ Տոհմի Զաւակներն ենք», իսկ Ժագ Պօզեագալեան՝ «Լռեց» երգը:  Դարեր շարունակ մեր գրողներուն ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած գեղեցիկ նկարագրողական ասմունքներով հանդէս եկան Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտները Վ.Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» քերթուածով, այնուհետեւ Արինա Պօշկէզէնեանի կատարողութեամբ հրամցուեցաւ Ժագ Յակոբեանի «Վարդանական է Անունճ» կտորը:

 

Վարդանանց տօնահանդէսը իր լրումին հասաւ հայ երեք համայնքապետներու առաքելական օրհնութեան աղօթքով:

 

Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան