ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց Բ. դա­սա­կար­գի ախոյ­եա­նա­կան մր­ցում­նե­րուն, Հա­մա­յի մէջ ՀՄԸՄ-ի աղջ­կանց կազ­մը 49 – 32 ար­դիւն­քով յա­ջո­ղե­ցաւ պար­տու­թեան մատ­նել հիւ­րըն­կալ Սա­լամի­է­ին: Խում­բը Ուր­բաթ օր Հա­լէ­պի մէջ պի­տի դի­մա­ւո­րէ իր մր­ցա­կի­ցը՝ Թա­տա­մո­նը, որուն յաղ­թե­լը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ՀՄԸՄ-ի խում­բին հա­մար:
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի երի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քի ախոյ­եա­նա­կան մըր­ցում­նե­րուն ՀՄԸՄ-ի տղոց խում­բը 77-75 ար­դիւն­քով յա­ջո­ղե­ցաւ պար­տութ­եան մատ­նել մր­ցա­շար­քի լա­ւա­գոյն խում­բե­րէն Իթ­թի­հա­տը:
– Հա­լէ­պի Իթ­թի­հատ ակում­բի վար­չու­թիւնը պաս­քեթի խում­բի նոր մար­զիչ նշա­նա­կեց սերպ Ֆին­քօ Փա­քիթ­չը: Ֆին­քօն նա­խա­պէս մար­զած է լի­բա­նա­նի երի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը ինչ­պէս նա­եւ արա­բա­կան այլ ակումբ­նե­րու կրտ­սեր տա­րի­քա­յին կազ­մեր: Իթ­թի­հա­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նա­եւ նշա­նա­կե­ցին ֆութ­պո­լի ար­հես­տա­վարժ մար­զիչ մը, որուն անու­նը տա­կա­ւին չյայ­տա­րար­ուե­ցաւ:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՕՓԱ­ՄԵ­ՔԱ­ՆՕ ՄԻ­Ա­ՑԱՒ ՊԱ­ՅԵՐՆ ՄԻՒ­ՆԵ­ԽԻՆ
Գեր­ման­իոյ բազ­մա­կի ախոյ­եան Պա­յերն Միւ­նեխ ակում­բը իր պաշ­տօ­նա­կան էջով յայ­տա­րա­րեց, թէ վար­չու­թիւնը հա­մա­ձայ­նու­թեան պայ­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րած է Լայ­զեչ խում­բի պաշտ­պա­նո­ղա­կան խա­ղա­ցող Ֆրան­սա­ցի Տա­յօթ Օփա­մե­քա­նո­յի հետ: Ըստ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ֆրան­սա­ցի մար­զի­կը հինգ տար­ուան պայ­մա­նագ­րութ­եամբ իր նոր խում­բին պի­տի մի­ա­նայ 1 Յու­լի­սին: Նշենք թէ Օփա­մե­քա­նո­յով հե­տաքըրքր­ուած էին նա­եւ անգլ­ի­ա­կան Չել­սին եւ Լի­վըր­փու­լը, որոնք բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ­ին իր հետ, բայց ֆրան­սա­ցի մար­զի­կը ուղղ­ուե­ցաւ դէ­պի գեր­մա­նա­կան խումբ:
ՔՈՒ­ՄԱՆ ՔՆ­ՆԱ­ԴԱ­ՏԵՑ ՍՊԱՆ­ԻՈՅ ԻՐԱ­ՒԱ­ՐԱՐ­ՆԵ­ՐԸ
Սպան­իոյ քա­թա­լոն­է­ա­կան ակում­բի՝ Պար­սե­լո­նա­յի, գլ­խա­ւոր մար­զիչ Ռո­նալտ Քու­մա­նը քն­նա­դա­տեց Սպան­իոյ բա­ժա­կի Սի­վիլ­իոյ դէմ տե­ղի ու­նե­ցած մր­ցու­մին իրա­ւա­րար­նե­րը, նշե­լով թէ VAR-ի գրա­սեն­եա­կէն հե­տե­ւող իրա­ւա­րար­նե­րը պար­տա­ւոր էին մի­ջամ­տել հան­դի­պու­մը ղե­կա­վա­րող իրա­ւա­րա­րին գոր­ծած սխալ­նե­րուն պա­րա­գա­յին: Քու­ման ըսաւ. «Ես կը զար­մա­նամ, թէ ինչ­պէ՛ս առիթ կը տր­ուի դաշ­տին վրայ նման սխալ­նե­րու։ Ի՞նչ է VAR-ի իրա­ւա­րար­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնը, եթէ լուռ պի­տի մնան եւ չմի­ջամ­տեն մր­ցու­մի իրա­ւա­րա­րին գոր­ծած սխալ­նե­րուն: Մենք մէ­կէ աւե­լի վնաս­ներ կրե­ցինք մր­ցում­նե­րու իրա­ւա­րար­նե­րուն կող­մէ»:
ԼԻ­ՎԸՐ­ՓՈՒԼ ՈՉ ՄԷԿ ՏԻՏ­ՂՈ­ՍԻ ՊԻ­ՏԻ ԱՐ­ԺԱ­ՆԱ­ՆԱՅ
Անգլ­իոյ Լի­վըր­փուլ ակում­բի գլ­խա­ւոր մար­զիչ Եոր­կէն Քլոփ ըսաւ, որ այս տա­րեշր­ջա­նին խում­բը ոչ մէկ տիտ­ղո­սի ար­ժա­նա­ցաւ։
Մամ­լոյ ասու­լի­սի ըն­թաց­քին ան դի­տել տուաւ, որ կազ­մը նա­խորդ տար­ուան կո­չու­մը պա­հե­լու բո­լոր առիթ­նե­րը կորսն­ցուց։ «Մենք ար­ձա­նագ­րե­ցինք երեք հեր­թա­կան ձա­խո­ղու­թիւն, եւ այս տար­ուան մեր պար­տու­թիւն­նե­րուն թիւը հա­սաւ վե­ցի, որուն պատ­ճա­ռով դուրս մնա­ցինք մր­ցակ­ցու­թե­նէն: Աւելց­նենք, որ Լի­վըր­փուլ ներ­կա­յիս ու­նի միայն 40 կէտ եւ կը գրա­ւէ աղիւ­սա­կի 4-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը: Ախոյ­եա­նու­թեան առա­ջին դիր­քը կը վա­յե­լէ Ման­չես­թըր Սի­թին»:

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ