«Երկիր».- ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը 21 Փետրուարին յայտարարած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի աւելի քան հարիւր անդամներ, ամերիկեան աւելի քան քսան նահանգներէն, երկկուսակցական նամակով Պայտընի վարչակազմին կոչ ուղղած են որոշակի  քայլերով սատարելու Արցախի գոյատեւման ու Հայաստանի անվտանգութեան:

Երկկուսակցական նամակին մեծ թիւով քոնկրէսականներու միացման համար Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը մեծ աշխատանք  իրականացուցած է` համախմբելով համայնքային տուեալները:

Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին` կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թերեզա Երեմեան կը նկատէ․ «Պայտընի վարչակազմին Քոնկրէսի հայկական խումբէն  ուղղուած նամակով քոնկրէսականներու պատկառելի մասնակցութիւնը էականօրէն կ’ամրապնդէ օրէնսդիրներու շրջանին երկկուսակցական աջակցութիւնը Արցախին: Մենք պիտի աշխատինք խումբի ղեկավարութեան եւ մեր օրէնսդիր ընկերներուն հետ` այս հայանպաստ եւ խաղաղասիրական առաջնահերթութիւնները գործողութիւններու վերածելու համար»:

ԱՄՆ պետքարտուղարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հասցէագրուած նամակին մէջ  շեշտուած է ԼՂ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին լրջութիւնը, որ անցնող տարի աշնան ատրպէյճանաթրքական յարձակումին հետեւանքով յառաջացած է: Քոնկրէսականները առաջարկած են ԱՄՆ-ի կողմէն շտապ գործողութիւններ` հետեւեալ առաջնահերթութիւններով․

ԱՄՆ արտակարգ օգնութիւն, որ Արցախի ժողովուրդին կարելիութիւն պիտի տայ վերակառուցել իրենց համայնքները եւ վերակազմակերպել իրենց կեանքը` առանց հետագայ արիւնահեղութեան վախի,

ԱՄՆ-ի վերաներգրաւումը տարածաշրջանային կայուն կարգաւորման որոնման մէջ, որ հիմնուած է ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքին վրայ` պաշտպանելով Արցախի անվտանգութիւնը եւ բացառելով նոր պատերազմի բռնկումը,

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ իբրեւ օրինական բանակցողի ճանաչում,

ԱՄՆ ղեկավարութեան կողմէն հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովում,

Ամերիկեան հաշուետուողականութիւն, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառում, Պաքուին ԱՄՆ օգնութեան կասեցումը եւ 907-րդ բանաձեւի պահանջներու կատարում,

ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ատրպէյճանական յարձակումէն տեղահանուած հայերուն օգնութիւն ցուցաբերում,

Նախագահ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում: