Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը կ’ազդարարէ պայքարի նոր մեկնարկը:

Պիտի սկսին  բողոքի գործողութիւններ, անհնազանդութեան ցոյցեր, ինքնաշարժով երթեր ողջ հանրապետութեան մէջ, եւ յամառ պայքարի շնորհիւ ի վերջոյ ապիկար ու դաւաճան իշխանութիւնը պիտի հեռանայ:

Յառաջիկայ բողոքի գործողութիւնը պիտի սկսի Երկուշաբթի օրը` ժամը 18:00-ին, Պրահայի այգիէն, ուրկէ պիտի սկսի անհնազանդութեան երթ: