Կիրակի, 21 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան սկսաւ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած HAYTADOLOGY II. հայկական ժամանակակից հարցերու նուիրուած խտացեալ դասընթացքը՝ առցանց Zoom հարթակի վրայ: Չորս օրերու վրայ երկարող դասընթացքին մասնակցութիւն կը բերեն Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ վերոյիշեալ նիւթով հետաքրքուող աւելի քան 80 երիտասարդներ: Դասընթացքի պաշտօնական բացման նիստին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդր. գրասենեակի Նախագահ Կիրօ Մանոյեանն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեանը, որոնք ներկայացուցին դասընթացքին կարեւորութիւնը համազգային ճգմաժամի այս օրերուն ու անոր հետապնդած նպատակները: Դասընթացքը կը նպատակադրէ Եւրոպայի մէջ ապրող երիտասարդները վերջին ամիսներու հայկական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող համապատասխան գիտելիքներով օժտել ու զանոնք Եւրոպայի մէջ հանրայնացնելու եւ ի նպաստ հայութեան, Հայաստանի ու Արցախի աշխատանք տանելու իրենց հմտութիւններն ու գործընթացները զարգացնել: Դասընթացը սկսաւ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան նուիրուած նիստով: Նիստին ընթացքին յայտարարութեան 9 կէտերը մանրամասն քննարկումի եւ վերլուծութեան Նիւթ դարձան՝ իրաւական, քաղաքական ու ընկերահոգեբանական դիտանկիւններէ առնուած: Յայտարարութեան իրաւական ուժին եւ հետեւանքներուն մասին զեկուցեց իրաւաբան Ռուբեն Մելիքեանը, անոր քաղաքական հետեւանքներուն անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեանը, իսկ ընկերահոգեբանական հետեւանքներուն՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, ազգային ժողովի նախկին անդամ Լիլիթ Գալստեանը: Բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին յայտարարութեան ունեցած կործանարար ազդեցութիւնն ու հետեւանքները, Հայաստանի ինքիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն: Երկրորդ նիստը հետեւեալ խորագիրը կը կրէր՝ «Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումներուն Լոյսին Տակ Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ»: Նիւթը հանգամանօրէն ներկայացուց քաղաքագէտ, լրագրող, միջազգային յարաբերութիւններու դոկտոր Աբրահամ Գասպարեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հոլովոյթը տարածաշրջանային զարգացումներու լոյսին տակ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սահմաններու բացման, ճամբաներու ապաշրջափակման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերսկսելու հաւանականութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն: Յաջորդ օրերու մանրամասնութիւններուն մասին պիտի տեղեկացուի օրը օրին, իսկ դասընթացքի աւարտին համապարփակ զեկոյց պիտի ներկայացուի: Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ