1989-ին, Լիբանանի քաղաքացիական բախումներու թէժ օրերուն էր, երբ Համազգայինը, իր գոյութեան 60  տարիներուն,  առաջին անգամ ըլլալով հրաւէր ստացաւ  հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ՝ մասնակցելու համասփիւռքեան  մշակութային միութեանց  մէկ խորհրդաժողովին:
Կեդրոնական Վարչութիւնը  գոհունակութեամբ ընդունեց հրաւէրը եւ սիրալիր ընդառաջեց անոր եւ առ այդ նշանակեց քառանդամ պատուիրակութիւն  մը, որուն մաս կը կազմէին Գեղանի Էթիեմեզեանը, Կարպիս Հարպոյեանը, Յակոբ Եափուճեանը եւ տողերս գրողը:
Օդակայանը փակ ըլլալուն՝ պիտի նաւով  ճամբայ ելլէինք  Ճունիէն դէպի Կիպրոս, անկէ Մոսկուա  ու ապա Երեւան1-:
Շաբաթ օր մըն էր, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը  8-ին, երբ  երեքով նստանք կիպրական շատ գեղեցիկ ու նոր նաւ մը. չորրորդ ընկերը՝ Եափուճեանը, արդէն Կիպրոս կը գտնուէր աշխատանքով: Կիրակի առաւօտ ժամը եօթին հասանք Լառնաքա ու իրարու միացանք  պանդոկի մը մէջ, ուր սենեակ մը վարձուած էր խումբիս համար:
Կիպրոս մնացինք ամբողջ ցերեկը եւ ուշ գիշերին դիմեցինք օդակայան,  անկէ՝ դէպի Մոսկուա:
Մեր անձնական ճամպրուկներէն բացի հետերնիս կը տանէինք 70 քկ կշռող զանգուածեղ պայուսակ մըն ալ, որ լեցուն էր գիրքերով:
-Ի՞նչ գիրք է տարածնիս,- հարցուցի ընկերներուս:
-Արգիլուած գրականութիւն,- եղաւ պատասխանը:
-Արգիլուած գրականութիւնը ո՞րն է եւ ինչո՞ւ արգիլուած բան կը տանինք:
-Քու խելքդ չի հասնիր,- պատասխանեց Հարպոյեան հեղինակաւոր շեշտով մը, ու ես…լռեցի: Իրենք կը տիրապետէին այնպիսի գաղտնիքներու, որոնց ես անտեղեակ կը մնայի յաճախ: Թէեւ կազմի բոլոր անդամներս հաւասար էինք, սակայն եւ այնպէս կային «աւելի հաւասար»-ներն  ալ:
Մաքսատան մէջ մեզի մօտեցաւ եւ ուղեկցեցաւ պաշտօնեայ մը, որ առանց որեւէ քննութեան անցուց մեզ. ուրեմն վերջը իմացայ, թէ ան  Intourist-ի մէկ ծառայողն էր եւ Լիբանանի դեսպանատունէն  յանձնարարութիւն ունէր  «դիւրացնելու» մեր անցքը: Ու մենք անցանք առանց որեւէ քննութեան:
Մոսկուայի օդակայանին մէջ նմանապէս որեւէ պայուսակ չբացուեցաւ  եւ որեւէ քննութեան չենթարկուեցանք. ուրեմն մեր գաղտնիքները մնացին մեզի:
Մինչեւ օդանաւէն դուրս գալը, կարգ մը հարցուփորձեր ընելն ու շրջապատին ծանօթանալը՝ արդէն լոյսը սկսած էր բացուիլ. մոսկովեան աղօտ լոյս մը՝ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն:
Որոշուեցաւ հարիւր տոլար մանրել ու տեղական դրամ ստանալ, եւ այս առիթով  ալ մեզ դիմաւորեց առաջին անակնկալը. հարիւր տոլարին դիմաց  պետական դրամատան  կից լումայափոխը,- նիւթական ամէն գործառնութիւն պետական դիմակ ունէր տակաւին,- վճարեց  600 ռուպլի, որ պարզապէս անհաւատալի էր, քանի որ մօտիկ անցեալին նոյն հաստատութենէն  իւրաքանչիւր տոլարի դիմաց կը ստանայինք միայն  0,60 ռուպլի կամ 60 կոպէկ. այս հաշուով՝ ռուպլին տոլարին դիմաց արժեզըրկուած էր ճիշդ տասը անգամ, այսինքն՝ կը պահէր իր նախկին արժէքին  մէկ տասներորդը  միայն:
Սակայն անակնկալին մեծագոյնը պիտի տեսնէինք Երեւան հասնելէ ետք:
* * *
Ուրեմն օրը Երկուշաբթի էր, եւ մենք պէտք է իջեւանէինք Լազարեան ճեմարան:
Նախատեսուած էր, որ հայկական դեսպանատունէն մէկը  դիմաւորէր մեզ, սակայն եկող չեղաւ: Ունէինք հասցէներ, հետեւաբար որոշեցինք մեր միջոցներով հասնիլ Լազարեան: Եւ այդ պահէն սկսաւ իմ…գողգոթաս:
Օդակայան ըսուածը,- դուք կրնաք լաբիւրինթոս ալ կոչել զայն,- քաղաքի մը չափ ընդարձակ էր, եւ մեր առարկաները պէտք է մե՛նք ստանձնէինք, վասնզի տրամադրելի պաշտօնեայ  չեմ գիտեր  ինչո՛ւ՝ չկար: Ակներեւ էր, որ բան մը կը քայքայուէր Խորհրդային Միութեան մէջ կամ, աւելի ճիշդը,  վաղուց քանդուած  իրավիճակ մը հիմա կը քողազերծուէր ու կը ցուցադրէր մերկ իրականութիւնը:
Իւրաքանչիւր քայլին համար հարցուփորձելով  վերջապէս իմացանք ճշգրիտ տեղը  մեր պայուսակներուն, որոնք լքուած  էին անծայրածիր սառցադաշտի մը վրայ, ուրկէ յառաջանալու համար ոտքդ ձիւնին կը մխրճուէր մինչեւ ծունկդ:
Գայթ ի գայթ հասանք մեր առարկաներուն եւ ստանձնեցինք զանոնք:
Հիմա ալ հարկ էր փոխադրել՝ իւրաքանչիւրս ծառայելով իր սեփական անձին ու ճամպրուկին: Ահա այստեղ ալ մեր առջեւ ցցուեցաւ մեծ հարցականը.
-Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կրէր  «արգիլուած» կոչուած  գրականութեան 70 քկ կշռող զանգուածը…
Անշուշտ ո՛չ  փափկասուն Գեղանին, երբ անդին երեք քաջակորով ու անձնուէր ասպետներ  կը գտնուէին շուրջը: Հարպոյեան ըսաւ, որ ինք tension ունի եւ չի կրնար օգտակար ըլլալ, Եափուճեան յառաջ  քշեց «մէջքի  ինչ որ վաղեմի ցաւ մը», որուն յաճախ կ՚ակնարկէր այնուհետեւ, եւ ուրեմն  անդին կը մնայինք  միայն…ես ու ինքս:
Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ կրելը շատ աւելի դիւրին պէտք է ըլլայ, քան  ինչ որ ես կրեցի այն օրը մօտաւորապէս երկու  հարիւր մեթր  տարածութեան մը վրայ: Ուրեմն  տասը մեթրի չափ կը կրէի բեռներէս մէկը՝ իմ ճամպրուկս, որ աւելնալով սեփական ծանրութեանս  վրայ՝ աւելի խորերը կը մխրճէր ոտքերս ձիւնին մէջ, իսկ ապա միւսը՝ քարշ տալով զայն փափուկ ձիւնին վրայէն, ուր ան գրեթէ լրիւ կը թաղուէր,  ապա կը վերադառնայի՝ մեկնակէտիս, ու այսպէս  շարունակ՝ ամբողջ կէս ժամ մը սիզիփեան յամառութեամբ  սպառելէ ետք  մկաններուս ուժային վերջին պաշարն ալ, հասանք  ինչ որ պէտք է ըլլար  ելքի դուռը: Այստեղ գտանք վարձակառք մը, որուն վարորդը  լաւ ծանօթ ըլլալ կը թուէր  շրջանին: Ան մեզ հասցուց Լազարեան ճեմարան, ուր տանող  ճամբուն վերջին հատուածը  կը կոչուէր «Հայկական նրբանցք»: Եւ իրապէս ալ այստեղ ճամբաները աւելի նեղ էին, մայթերը՝  նմանապէս. մէկ մեթրէն աւելի նեղ մայթ կար, ուրկէ քալողը պէտք է  դուրս գար՝ ճամբայ տալու համար դիմացէն եկողին կամ հակառակը: Այս պատճառով ալ նկատելի էր յարատեւ ելեւէջ մը մայթերու երկայնքին: Ենթադրելի է, որ սա Հին Մոսկուան էր:
Ինքը՝ Լազարեանը, առաջին հայ բարձրագոյն վարժարանը՝ հայագիտական թեքումով, հսկայ կառոյց մըն էր,  երեք անջատ բաժանմունքներով, որոնք տեղադրուած   էին իրարու կից՝ ձեւացնելով  մեսրոպեան  Ս տառը:  Ան  ունէր մետաղեայ պատկառելի դարպաս մը, որ կը բացուէր ընդարձակ բակի մը վրայ, որուն կեդրոնը կը բարձրանար Լազարեաններուն նուիրուած պրոնզեայ շքասիւն մը:
Շէնքին ձախ թեւը յատկացուած էր հայոց,- հետագային ամբողջ շէնքը յանձնուեցաւ մերոնց2, ուր եւ հաստատուած է ներկայիս Հայաստանի դեսպանատունը,-  եւ այստեղ ալ մեզի տրամադրեցին երկու սենեակ, մէկը՝ Գեղանիին, միւսը՝ երեքիս: Շատ լաւ տաքցուած, կոկիկ ու հանգըստաւէտ սենեակներ էին, ուր պիտի մնայինք առ այժմ մեզի համար անորոշ ժամանակ մը:
Արմենակ Եղիայեան