Կիրակի, 21 Փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն` վաստակաշատ եղբայր Ժաք Պոյաճեանը: Աւելի քան 70 երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90-ամեայ Ժաք Պոյաճեան այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր ետին ձգած քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ, նկատի ունենալով, որ ան դաստիարակած է սերունդներ` անոնց մէջ դրոշմելով ՀՄԸՄ-ականի ոգին: Ան եղած է պասքեթպոլիստ, ֆութպոլիստ, վարչական պատասխանատու, Լիբանանի Պասքեթպոլի Դաշնութեան անդամ եւ անոր հիմնադիրներէն մէկը, ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, «Ծառայութեան» եւ «Արժանեաց» շքանշանակիր, ինչպէս նաեւ վարած է միութենական տարբեր տեսակի պաշտօններ` զանոնք բոլորն ալ կատարելով սիրայօժար կերպով, առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան` միշտ ամէն ինչէ վեր դասելով ՀՄԸՄ-ի անունը: Ժաք Պոյաճեան միշտ ալ ներկայ կը գտնուէր ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ աղջկանց կատարած պասքեթպոլի բոլոր մրցումներուն, մինչեւ անոնց դադրեցումը` պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով: Նշենք, որ անոր մահուան առիթով երէկ անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի Դաշնութիւնը: