Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման նախաձեռնութեամբ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն 23 Փետրուարին  սկիզբ առաւ երթը` դէպի Դատախազութեան, այնուհետեւ Ոստիկանութեան շէնք:

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան անհնազանդութեան երթէն  առաջ ըսաւ, որ ակնյայտ է  որ Փաշինեան այլեւս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն չունի` անոր իշխանութիւնը պահողը միայն ոստիկանական համակարգն է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան քայլերթի ընթացքին յայտարարեց, որ դէպի դատախազութիւն երթը չեղեալ համարուած է եւ երթին մասնակիցները կ’երթան դէպի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան շէնք, որմէ յետոյ` Ոստիկանութիւն:

Երթի ընթացքին «Մէկ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Ղազինեան դիտել տուաւ, որ այս իշխանութիւններու գործողութիւններէն իւրաքանչիւրը բաւարար է քրէական գործ յարուցելու համար․

Քաղաքացիները պատշգամբներէն ողջունեցին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները: Երթի մասնակիցները պարերաբար կոչ կ’ուղղէին անոնց իջնելու եւ միանալու երթին, միանալու եւ ո՛չ ըսելու Նիկոլին:

Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով ողջունեցին երթի մասնակիցները:

Երթին մասնակցեցան նաեւ զոհուած զինուորական ծառայողներու  ծնողներ:

Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ եւ անհատներ:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այս պահուն երթին զուգահեռ Երեւանի  շարք մը փողոցներուն մէջ տեղի կ’ունենան անհանզանդութեան ցոյցեր:

Նշենք, որ ՀՅԴ երիտասարդները աղբամաններով եւ նստարաններով փակած են Խանճեան փողոցը` կաթուածահար ընելով երթեւեկութիւնը:

Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով` քաղաքացիները քայլերթով հասան Ոստիկանութեան շէնք, ուր բազմաթիւ ոստիկանական ուժեր  կեդրոնացած են: Երթին մասնակիցները վանկարկեցին` «Նիկոլ դաւաճան», «Նիկոլ դաւաճան»:

Ոստիկանութեան շէնքին մօտ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին առջեւ ծաղիկներ դրին:

Ոստիկանութեան շէնքին մօտ Իշխան Սաղաթէլեան ընթերցեց ոստիկանութեան ներկայացուցիչներու անունները եւ կոչ ուղղեց չկատարել ապօրինի հրահանգներ:

Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիմելով ոստիկաններուն` ըսաւ, որ ոստիկաններ շատ  տեսած են, Խորհրդային Միութեան ընթացքին պայքարած են, տարբեր նախագահներու ժամանակ պայքարած են, բայց  դաժանութիւնը, որ այսօր տեսած է` երբեք չէ եղած:

«Բոլոր բռնութիւն գործադրող ոստիկաններուն դէմքերը նկարեցէք, սիրելի ժողովուրդ: Թող իրենց երեխաները իմանան` իրենց հայրը ինչպէս  փող կը վաստակէ», յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան:

Քաղաքացիները երթով հասան ԱԱԾ շէնքին մօտ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց.«Յարգելի ոստիկանութիւն, խնայեցէք ձեզ եւ ձեր սպայի պատիւը եւ մի դառնաք խաղալիք այդ խելագարի ձեռքին, դուք պէտք է հասկնաք եւ գիտակցիք ձեր առաքելութիւը»: Ան յորդորեց դաւաճանները եւ ֆեյքերը գտնելու համար երթալ կառավարութեան շէնք:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» կարգախօսով երթին մասնակիցները հասան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Հինգշաբթի օրը տեղի կ’ունենան ինքնաշարով երթեր, իսկ վաղուան ցոյցերուն բնոյթն ու վայրերը անակնկալ են: