Թէեւ ուղղակի չեմ առնչուած եկեղեցական ծիսական կամ վարչական աշխատանքներու, սակայն ճակատագիրի բերումով մտերմութիւն ստեղծուած էր հայր Մեղրիկին հետ, որուն հիմնական խթանը հանդիսացած էր իմ ընկերական որոշ շրջանակի բարեկամներուս հաւաքները, որոնք մօտէն կը գործակցէին իրեն հետ, եկեղեցական ձեռնարկներու եւ եկեղեցւոյ վարչական առօրեայ մթնոլորտներու պատճառներով:

Շատեր մամուլին մէջ իրենց մահագրութիւններով եւ Դիմատետրով՝ ներկայացուցին կղերի եւ առաջնորդի անոր բարեմասնութիւնները, որոնք ամբողջական պատկեր մը կը կազմեն ճանչնալու Մեղրիկ սրբազան առաքինի հոգեւորականն ու անոր կենսագործած ուղին:

Իմ գնահատականներս ու յուշագրական դրուագներս կու գան լրացնելու անոր բազմապիսի աչքառու նկարագրային ու կենցաղային գիծերը: Որպէս ականատեսը իր սխրանքներուն ու շէնշող վարքագիծին, այսու կու գամ հարազատութեամբ արձանագրելու հետեւեալները:

Զինք ճանչցայ որպէս հաւատքի հայ, գործի նուիրեալ եւ հաւաքական աշխատանքի ռահվիրայ: Մղիչ ուժը եւ կեդրոնական դէմքը ըլլալով հանդերձ եկեղեցական ձեռնարկներու, գիտէր ինչպէ՛ս պիտի ոգեւորէր ամլացած հոգիները՝ ներքաշելով զիրենք հաւաքական աշխատանքի նախանձելի քուրային մէջ եւ յաջողութեամբ պսակելով հանրային – կրօնական նախաձեռնութիւն մը: Հակառակ անոր որ բնաւորութեամբ այդքա՜ն ա՛լ փափուկ չէր, սակայն իր ժիր ու ջանասէր ներկայութիւնը, մագնիսական առինքնող ուժի նման, դիւթիչ մթնոլորտ ստեղծելով, կը ներքաշէր հաւատացեալները հանրային-եկեղեցական կամաւոր աշխատանքներու:

Իր քարիզմաթիկ նկարագիրով ու ճարտարութեամբ երիտասարդներն ու երէցները կը խանդավառէր ու փոխադարձաբար անոնք՝ սիրայօժար ու կամաւոր, կը փարէին հոգեւոր եւ եկեղեցական ծով կարիքներու մատակարարման աշխատանքներուն:

Իր հրաշաձօն նկարագիրով ու աննկուն համբերատարութեամբ բալասանն էր «չարուկ» պատանիներու խանդը ուղղորդելու՝ անհամար ժամանակ ու կորով ներդրելով: Իր դիտաւորեալ մօտեցումները կը միտէին վերջին հաշուով պարփակելու ու ուղղորդելու զիրենք եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներու անբասիր երկնակամարին ներքեւ, դպրաց դասերու շարականներու ուսուցման դայլայլող ձայնամարզումներու հանդիպումներով, կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիարակիչ մթնոլորտներով, քրիստոնէական ուսուցման հաւաքներու հոգեւոր դասերով ու քոյր միութիւններու հայակերտ շարքերով:

Իր հովուական օրերուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արարողութիւններու ընթացքին եւ աւարտին, աշխարհականներու բերնով  պատմական-կրօնական թեմայով պատգամներու ներկայացումները՝ վստահելով այդ անձերու որոշակի հակումներուն ու ունակութեան: Առիթով մը ինծի ա՛լ առաջարկեց թեմայի մը ներկայացումը: Ես համաձայն չեղայ գաղափարին՝ առարկելով, որ աշխարհական մահկանացու մը ինչպէ՞ս կրնայ բարձրանալ խորան եւ պատգամել: Զիս համոզելու համար բացատրեց Ս. Խորանի-Զոհասեղանին եւ եկեղեցւոյ դասին մասին գոյ  տարբերութիւնները ու թիւր ըմբռնումները՝ պարզելով, որ դասէն պիտի խօսիս եւ պատգամես:

– Ես աջակողմեա՞ն դասուն, թէ՞ ձախակողմեան դասուն կը պատկանիմ,- պատասխանեցի կատակելով:

-Ամենայն սրբոց դասուն…Եալլա գործի անցիր տեսնեմ,- հեգնանքով պատասխանեց:

Սակայն հետաքրքրականը ինծի վստահած թեման էր՝ պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը ներկայացնել: Լսելով այդ մէկը յարեցի.

– Հա՛յր սուրբ, հաճելի պատմա-բանասիրական նիւթերու շատ հակում չունիմ: Առաւել, դժուար մարսելի նիւթ պիտի ըլլայ հաւատացեալներուն համար. ինքնավստահ շեշտադրումով մը արտայայտուեցայ:

Ընկալեալ սովորութեամբ, յամառեցաւ տեղի տալէ եւ պնդեց թեման ներկայացնելու օգտակարութեան մասին իր համոզումը՝ աւելցնելով.

-Դուն կրնաս համեմել եւ հրապուրիչ դարձնել նիւթը,- քիչ մը փաղաքշական երանգով փորձեց գգուել եսս։

Այդ հանդիպումին, շարունակելով մեր մտերմիկ զրոյցը, պահուան անկեղծութիւնը օգտագործելով՝ պատեհ առիթը գտայ անդրադառնալու իր երկարապատում քարոզներու արդիւնաւէտութեան եւ երբեմն ունկնդիրի կեդրանացումը ճապաղումի հասնելու երեւոյթին:

-Պէտք է մեխի նման քանի մը հարուածներով գամես գաղափար մը, կրկնութեան գնով դրոշմես հանդիսատեսին-ունկնդրին մտքին ու հոգիին մէջ,- բարկացած երանգով եղաւ իր վճռական եւ շատ չոր ու կտրուկ հակազդեցութիւնը:

Այլ առիթով, դարձեալ տաք, բայց շինիչ բանավէճ մը ունեցանք եկեղեցւոյ անդամագրուելու հարցով: Յաճախ պնդած էր, որ «ձեզի պէսները» պէտք է անդամագրուին Հայաստանեաց եկեղեցւոյ «կառոյցին»։ Առիթէն օգտուելով, խնդրեց քարտուղարուհիէն, որ դիմումնագիրի պատճէն մը տայ ինծի: Կանխելով իմ կողմէս որեւէ ձեւի դիտողութիւն՝ ձեռքը երկարելով մատիտին, արագ մը երաշխաւորի բաժնին մէջ դրաւ իր ստորագրութիւնը՝ խնդրելով, որ ամբողջացնեմ մնացած անձնական տուեալները:

– Ես հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած եմ, կաթողիկէ ծնողքէ սերած, հիմա երկու տիրոջ պիտի պատկանիմ, ճիշդ չէ այս մէկը հայր սուրբ,- մեղմիկ առարկեցի խնդրանքին օրինականութեան դէմ:

– Այս մէկը դաւանափոխութիւն չէ, սիրելի՛ս: Արեւմուտքի մէջ ընդունուած կարգ է անդամակցիլ եկեղեցւոյ եւ վճարել տարեկան անդամատուրք, առանց յարանուանական դաւանափոխութեան ծանօթ գործընթացի,- հանդարտ շեշտադրումով բացատրեց հարցի էութիւնը:

– Որո՞ւ ստորագրութիւնը պիտի ըլլար երկրորդ երաշխաւորի պարագան, հայր սուրբ,- անորոշ հարցադրումի եղանակով եւ հարցը դժուարացնելու դիտաւորութեամբ յարեցի իրեն:

– Այս մէկ ստորագրութիւնը պիտի բաւէ որպէս երաշխաւոր, որ անդամ դառնաս եկեղեցւոյ,- կուշտ գահ-գահով մը պատասխանեց՝ շարունակելով ըմպել մեզի հրամցուած սուրճը, մինչ ես անձնատուր եղած, գլխիկոր՝ զբաղեցայ լրացնելով դիմումնագիրի պահանջուած տեղեկութիւնները:

Քանատայի «ազատականութեան» մթնոլորտներուն տուրք տալով անգամ չկարողացայ նրբութեամբ ազատիլ հայր սուրբին «սարդոստայնէն»: Այդպիսով դարձայ անդամ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծուխին:

Հայր Մեղրիկին  ուշագրաւ մէկ այլ յատկանիշն ալ իր բարեգութ ու բուխ սրտի տէր ըլլալն էր: Այսպէս, երբ հայ երիտասարդ մը գաղութ ժամանէր եւ դիմէր իրեն, որ ծանօթի մը մօտ բնակարանի կարելիութիւն գտնէր, ինք՝ իր սեփական տան հասցէն կու տար եւ անոր  դռները կը բանար անօթեւան տղոց առաջ, երբեմն ա՛լ բոլորովին անծանօթներու, իր սեփական հանգիստի ու բարօրութեան հաշւոյն՝ սատարելով նորահաստատ երիտասարդներուն  «օտար, ամայի՜ ճամբէքի վրայ»՝ իրենց գլուխը տեղադրելու հանգիստ, քարի փոխարէն փետրալիցք բարձի վրայ: Այսպիսով, առաջին դժուար հանգոյցապատումը հեշտութեամբ կը լուծէր օտար ափեր հասած նորահաստատ հայ երիտասարդներուն:

Հաւաքական աշխատանքներու ժամանակ, իր հասկացողութեամբ, ժամայցոյցի սլաքները պէտք է դադրէին վազելէ, ե՛ւ միայն խանդավառ հաւաքական գործի ոտնաձայները լսելի պէտք է դառնային, ու միայն համակ կամաւոր ծառայութեան անձնդիր ոգին գերիշխող խթանը հանդիսանար աշխատանքային մթնոլորտներուն:

Այսպէս, եկեղեցւոյ վարչական հոգաբարձու գործընկերներու համախոհ գործակցութեամբ,  խանդավառեց տասնեակ կամաւորներ, իր խիզախութեամբ առաջնորդեց եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատանքները ու պատուով իր լրումին հասցուց եկեղեցւոյ շինարարական դժուար նախաձեռնութիւնը՝ յաղթահարելով վարչական եւ շինարարական թեքնիք բազում խնդիրներ: Նաեւ պէտք է ընդգծել, որ ի պատիւ իր շուրջ համախմբուած հոյլ մը նուիրեալներու, որոնք իրենց արհեստավարժ գիտութեամբ ու բազուկով շատ կարճ ժամանակի մէջ, պիւտճէական հսկայ խնայողութեամբ, նոր ու գեղեցիկ տարազով օժտուեցաւ եկեղեցին ու իր յարակից ներքնասրահը:

Իսկ կարելի՞ է մոռնալ հրաշակերտ պատկերը այն հազարաւոր ուխտաւորներու, որոնք Աւագ Ուրբաթ օրուան առիթով,  երկիւղածութեամբ թափօր կը կազմէին՝  քոյր եկեղեցիներու եւ օտար համայնքներու ներկայացուցիչներու խանդավառ մասնակցութեամբ: Թորոնթոյի մէջ այդ ծաւալով ու խուռներամ բազմութեամբ թափօրի պանծալի տեսակի մեկնարկը կը կրէ սրբազան Մեղրիկի անկոտրում կամքի դրոշմը ու հեղինակաւոր շունչը:

Հապա ի՞նչ ըսել հայերէնի ուսուցման դասընթացքներու ծրագիրի իրականացման, որ մատուցուեցաւ գաղութի հայ զանգուածներու այն մասսային, որոնք քրտախօս ու արաբախօս իրենց խօսակցական առօրեայ լեզուով, բայց իրենց ազգային էութեամբ ծարաւը ունէին հայերէնով հաղորդուելու անմիջական շրջապատին հետ, հաւատքնին կենսագործելով մայրենիով, այսպիսով նաեւ պատեհութիւնը ունենալու ոսկեղնիկով բարձրաձայն  աղօթելու առ Տիրոջ:

Որպէս Սուրիոյ օժանդակութեան միացեալ մարմնի ատենապետ, միասին ապրեցանք այդ դժուարին օրերը, ուր մարտահրաւէր էր արագ ձեւով արձագանգել Սուրիոյ հայ գաղութի կարիքներուն: Երբե՛ք աչքաթող չեմ կրնար ընել իր օրինակելի իւրայատուկ բարոյական նուիրումը հանգանակային աշխատանքներուն, նոյնիսկ իր սեփական պիւտճէէն նիւթական մեծ բաժին մը յատկացնելով այդ վսեմ աշխատանքին:

Ան երբե՛ք չէր մերժեր իրեն օգնութեան դիմողին: Քանի մը օրինակներու վկան եղած եմ, ուր իր անձնական միջամտութեամբ եւ ունեցած հանրային վարկով, դպրոցական սաներ կը խնամատարէր՝ դիմելով հաւատացեալ ժողովուրդի բարեհաճոյ տրամադրութիւններուն: Նոյն ոգիով, ոեւէ կարօտեալի, որուն անցուկ նիւթական վիճակը կը շարժէր իր գութը, անտարակոյս օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէր:

Հետաքրքրական անձնաւորութիւն էր սրբազան Մեղրիկը: Երբ համոզում գոյացնէր ծրագրի մը շահաւէտութեան, որ հայ գաղութը ու եկեղեցին պիտի օգտուէին անոր բարեբեր արդիւնքներէն, ծրագիրի պիւտճէի ապահովման խնդիրը իր ուսերուն կ՛առնէր՝ գտնելով յարմար բարեպաշտ հայորդին, որ սիրայօժար պիտի նուիրէր պատշաճ գումար մը, կեանքի կոչելու եւ գործնականացնելու այդ փափաքը:

Սրբազան Մեղրիկ լաւապէս կը տիրապետէր այն գաղտնիքին, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդը կարելի է մօտեցնել եկեղեցւոյ եւ զայն ներգրաւել եկեղեցւոյ աշխատանքներուն մէջ: Փոխադարձաբար, հաւատացեալներու խումբն ալ, տեսնելով անբասիր եկեղեցականի կոչումով եւ հոգեւոր անշեղ իմացականութեամբ այս տիպարը, որ իր կեանքի ընթացքով կ’առինքնէ, հաւատքով ու սրտանց փարեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր մթնոլորտներուն:

Այս ամէնը կ՛իրանակացուէին, երբ շատ լուրջ առողջապահական վերիվայրումներէ կ՛անցնէր սրբազանը, սակայն լուռ ու Հոբի համբերատարութեան համազօր, կը տոկար իր երիտասարդ տարիքին անհամատեղելի հիւանդութեանց բարդութիւններուն: Խիզախութիւնը հասած էր իր մօտ այն աստիճանի, ուր մահուան սեւ ուրուականին հետ, ինչպէս ամէն կուռ հաւատացեալ, առերեսումի ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքին հետ հաշտութիւն կնքածի կարգավիճակով՝ իր մտերիմներուն կ՛արտայայտուէր: Ափսո՜ս, մահը շատ կանուխ թակեց իր դուռը ու տարաւ զինք երկնքի քերովբէներուն մօտ:

Աւա՜ղ, եթէ իր հոգեւոր նկարագրային արիութիւնը թոյլտուութիւն կու տար, որ քաջութեամբ ներկայանայ այդ աննախանձելի «հաճութեան», բայց իր հարազատները երբե՛ք պիտի չներեն զինք՝ վաղահաս այդ «մտերմիկ ողջագուրումին», ուր երանութեամբ ու անժամանակ ընդունեց ճաբուիլ «Ի Վերին ՅԵրուսաղէմ», որովհետեւ իր ետեւ ձգեց անաւարտ այնպիսի պարտամուրհակներ, որ դժուար ի կատար ածուէին՝ մանաւանդ բացակայութեամբ իր հեզահամբոյր կառուցողական ոգիին:

Քանատայի թեմը ի մասնաւորի, եւ այլ գաղութներ նաե՛ւ, յետ մահու իրականացուցին պատշաճ, ձեռնտու եւ իրաւացի նախաձեռնութիւններ ու հոգեւոր միջոցառումներ, որոնք կու գան պանծացնելու եւ յաւերժացնելու այս նուիրեալ ուխտաւորին անմեռ յիշատակը:

Սրբազա՛ն Մեղրիկ, հոգեւոր առագաստը լայն բացած, տէրը ըլլալով իր կոչումին, խղճմտօրէն ընծայաբերեց՝ նաւարկելով երբեմն հողմերով յորձանքոտ ջուրերու մէջ, երբեմն ա՛լ արեւշատ օրերու ներքեւ, բայց միշտ հաւատքի վահանը առաջ բռնած, առաջնորդուելով ուղիղ քրիստոնէական վարդապետութեան նշանացողով: Աննկուն երթի որպէս ախոյեան, ծաղկեցուց հանրային կեանքը եւ պայծառացուց քրիստոնէական հոգեւոր աշխատանքը՝ անսակարկ ուղղափառ ծառան հանդիսանալով հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւադատան:

Խունկ ծխալով ու աղօթք բարձրացնելով՝ արդարներու դասուն հանգչած իր պայծառ յիշատակին կը ձօնեմ Պետրոս Դուրեանի հետեւեալ տողերը:

       ԻՄ ՄԱՀԸ

Եթէ տժգոյն մահու հրեշտակ
Անհուն ժպտով մ՚իջնէ իմ դէմ…
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

Եթէ սընարըս՝ իմ տիպար
Մոմ մը վըտիտ ու մահադէմ,
Ո՜հ, նըշուլէ ցուրտ ճառագայթ ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

  Եթէ հընչէ տըխուր կոչնակ՝
Թրթռուն ծիծաղն մահու դժխեմ,
Դագաղս առնէ իր յամըր քայլ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

Եթէ մարդիկն այն մահերգակ,
Որք սեւ ունին ու խոժոռ դէմ՝
Համասըփռեն խունկ ու աղօթք,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:

Եթ՚ յարդարեն իմ հողակոյտ,
Եւ հեծեծմամբ ու սըգալէն
Իմ սիրելիքը բաժնըւին,
Գիտցէ՛ք որ մի՜շտ կենդանի եմ:

      Իսկ աննըշան եթէ մընայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՛հ, այն ատեն ես կը մեռնի՛մ…:

                                                 Պետրոս Դուրեան, 1871

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ